ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Ի՞նչ ըսեմ հայրենիքին, անոր անկախութեան օրը, երբ անիկա թշնամիի ռմբակոծման տակ է, ներքին քաղաքական պառակտման ընդհանուր ծանրութեան տակ:
«Ի՞նչ ըսեմ հայրենիքին, անոր անկախութեան օրը, երբ այսօր ամբողջ հայրենիքը բերդի մէջ է` սպասելով փրկութեան…
«Անկախութիւնը սրբազան իրաւունք է, զայն պահպանելը բոլոր լիբանանցիներուն պարտաւորութիւնն է»:


