Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է, որ գոյութիւն ունի համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ Իսրայէլ յունուարին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին պիտի ներկայացնէ նուէր մը, որ Լիբանանի հարցով փոխըմբռնում կը ներառէ:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը նշէ, թէ Իսրայէլ Թրամփին իբրեւ նուէր Լիբանանի մէջ զինադադարի ծրագիր մը կը պատրաստէ:
«Ուաշինկթըն Փոսթ», վկայակոչելով իսրայէլացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ Թրամփի կեցութեան վայրին մէջ բանակցութիւնները կեդրոնացած են Լիբանանի մէջ զինադադարի վրայ, եւ նշեց, որ համաձայնութեան պայմանները կը ներառեն Հըզպալլայի Լիթանի գետէն ետ քաշուիլը եւ լիբանանեան բանակի ստանձնումը սահմանային շրջանին` սկզբնական շրջանին` համար 60 օր տեւողութեամբ ամերիկեան եւ բրիտանական վերահսկողութեամբ:
Իսրայէլեան զինուորական պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի իսրայէլեան առաջարկը կը ներառէ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ գործակցութիւն մը: Առաջարկը Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղէ` արգիլելու Սուրիոյ ցամաքային ճամբով Հըզպալլայի վերազինումը: Ռուս պաշտօնատարներ 27 հոկտեմբերին Իսրայէլ այցելած են քննարկելու համար նշեալ ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմեր գաղտնաբար Ռուսիա այցելած է` յաւելեալ քննարկումներ կատարելու համար: Պաշտօնատարը խօսած է բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային ցամաքային գործողութիւնները աշխուժացնելու համար պատրաստուող ծրագիրի մը մասին:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է, որ Ռուսիան պիտի չմասնակցի Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան կամ վերահսկողութեան:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն քանի մը օրէն զինադադարի համաձայնութիւնը ներկայացնէ Լիբանանին»:
Յիշեցնենք, որ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը նախապէս հաղորդած էր, որ Հոքշթայն յայտնած է. «Լիբանանի մէջ շուտով զինադադար հաստատելու առիթ գոյութիւն ունի, եւ մենք յոյսով լեցուած ենք»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, թէ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է. «Ուաշինկթընի հետ Հըզպալլայի դէմ կռիւին վերջ տալու դասաւորումներուն շուրջ բանակցութիւնները կը գտնուին իրենց վերջին փուլին մէջ»:


