Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրելու Երաշխիքը` Յոյսը

November 7, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Ի՞նչ է յոյսը: Մարդկութեան շնորհուած կենսական առաքինութիւններէն մէկն է յոյսը, որ մեզ կը մղէ իմաստաւորելու մեր կեանքը եւ զայն ապրելու դրական աշխարհայեացքով: Լաւին ակնկալութիւնն է անիկա, որ մեզ կը յուսադրէ եւ կը զօրացնէ. այլ խօսքով, կեանքը արդիւնաւէտ ձեւով ապրելու կենսապայման է: Հետեւաբար յոյսը` իբրեւ էական նպատակակէտ, ունի լաւը, բարին, գեղեցիկը եւ կատարեալը:

Յուսալ` չի նշանակեր տենչալ կամ ըղձալ. տենչալը պարագայական եւ ժամանակաւոր զգացում մըն է: Յոյսը, սակայն, պինդ, հաստատ, աննահանջ եւ յարատեւ ուժի աղբիւր է եւ իբրեւ այդպիսին` բաղձալի առաքինութիւն: Քրիստոնէական հայեցողութեամբ այս առաքինութեան` յոյսին հեղինակը եւ հիմնական դրդապատճառը Աստուած ինք է, որ մարդուս էութեան մէջ սերմանեց յոյսը եւ բարիին ձգտումը:

Ինչի՞ կը յուսանք: Ինքնախաբէութիւն է, երբ միմիայն նեղութեան, վտանգի եւ դժուարութեան մէջ դիմենք յոյսի զօրութեան, որովհետեւ այդ մէկը կը նշանակէ շահախնդրական ակնոցով դիտել Աստուծոյ շնորհած առաքինութիւնը` յոյսը: Յոյսը, ուրեմն, բոլոր պարագաներուն մէջ, մարդուն հետ աճող ու զարգացող մնայուն յատկանիշ մը պէտք է դառնայ:

Յոյսը նախապայման ունի հաւատքը: Օրինակի համար, մենք յոյս կ՛ունենանք այն մարդոց նկատմամբ, որոնք վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչած են իրենց շրջապատին. որքան վստահութեան զգացումը զօրեղ ըլլայ մեր մէջ, այնքան եւ զօրեղ կ’ըլլայ յոյսի զգացումը: Մարդիկ կրնան աւելի դրական փոփոխութիւններ կատարել իրենց կեանքին մէջ եւ իրենց նպատակներուն համար աշխատանք տանիլ, երբ կը հաւատան, որ իրենց ճիգերը արդիւնաւէտ պիտի ըլլան: Հետեւաբար յոյսը ներմղումի առողջ ձեւ մըն է, որուն ընդմէջէն մարդ կրնայ  իրագործել իր նպատակները:

Եթէ կը յուսանք` առանց քննելու եւ հիմնաւորելու, թէ ի՛նչ բանի կը յուսանք, այդ ժամանակ, շուտով, յուսալքումի զգացումն է որ պիտի շրջապատէ մեզ: Իսկ քրիստոնէական դիտանկիւնէն, յուսալքումը մեղք է, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ինքնատիրութեան, անձնագիտակցութեան եւ ինքնագիտակցութեան կրօն է:

Այսօր Լիբանանը կը գտնուի աղիտալի վիճակի մէջ. աւերակներու, զոհերու եւ վիրաւորներու թիւերը օրըստօրէ կը բազմապատկուին: Անկայուն եւ անապահով վիճակ մը կը տիրէ մեր չորսդին: Իւրաքանչիւրս, մեր կարգին, ուրոյն ձեւով կը փորձէ շրջանցել պարզուած դժուարութիւնները: Նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնները անպակաս են, սակայն գիտենք, որ  այս անկայուն եւ երկարատեւ բարդ վիճակը կը յոգնեցնէ մեզ եւ երբեմն ալ յուսալքութեան կ՛առաջնորդէ մարդս: Ահաւասիկ, հիմա է ժամանակը զօրանալու, յղկուելու եւ մշակուելու մեր յոյսին ու հաւատքին մէջ:

Փոթորիկներ անպակաս պիտի ըլլան մեր կեանքէն, որովհետեւ` «Նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը` տոկունութիւն, տոկունութիւնը` յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հմ 5. 3-5): Տէրունի սա խօսքը կը նշանակէ միշտ յուսալ Բարիին, համբերել եւ հաւատքով գօտեպնդուիլ: Ահաւասիկ, Լիբանանի մէջ տիրող անարդար եւ դժնդակ կացութեան, ամէն օր կուտակուող դժուարութիւններուն ու նեղութիւններուն դիմաց պէտք է զինուինք քրիստոնէական հաւատքի ամրագոյն սիւներէն մէկը հանդիսացող ՅՈՅՍ-ի զօրութեամբ եւ համբերատարութեամբ անցնինք մեր դիմաց  պարզուած ու մեզի պարտադրուած հնոցէն,  որուն ընդմէջէն դառնանք տոկուն անձեր, որովհետեւ տոկուն մարդը Աստուծոյ նկատմամբ գիտակից յոյսով եւ հաւատքով կ’առաջնորդուի: Եւ այն ատեն պիտի տեսնենք ու զգանք, որ մեր Տիրոջ յոյսը մեզ երբեք ամօթով չի ձգեր:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (6 Նոյեմբեր 2024)

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.