Կրասնոտար ակումբի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կը նախընտրէ մնալ Կրասնոտար, քան տեղափոխուիլ Զենիթ:
«Ամէն մէկը իր դիրքորոշումը ունի: Կան մարդիկ, որոնք չեն ցանկար տեղափոխուիլ Զենիթ: Օրինակ` ես ինքս չեմ փափաքիր: Կրասնոտարի մէջ շատ հանգիստ եմ: Եթէ Եւրոպայի մասին պիտի խօսինք, այդ պահուն տարբեր բան է: Ռուսիոյ մէջ ինծի համար նախ Կրասնոտարն է: Նիքիթա Քրիվցովը ճիշդ ըսաւ, երբ ըսաւ, որ եթէ եւրոպական խումբ փոխանցուելու կարելիութիւն ըլլայ, ո՞վ Զենիթ կը փոխադրուի», ըսաւ Սփերձեան, որ մերժեց Սերկէյ Սեմաքի մարզած Զենիթ փոխադրուելու նիւթը ընել:
Նախապէս Սփերձեան յայտնած էր, թէ այս տարեշրջանին կ՛ուզէր մնալ Կրասնոտարի հետ` օգնելով անոր, որ դառնայ Ռուսիոյ ախոյեան:


