Երէկ Թիրանայի մէջ (Ալպանիա) շարունակուեցաւ ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Շանթ Խաչատրեան 72 քկ կշիռի մրցումներուն հասաւ աւարտական, յաղթելէ ետք իր շուէտացի մրցակիցին` 9-0 արդիւնքով:
Հայկ Խլոյեան, 92 քկ կշիռի մրցումներուն, պարտութեան մատնելէ ետք իր ռուս մրցակիցը, հասաւ աւարտական:
63 քկ կշիռի մրցումներուն Արման Վարդանեան իր կարգին հասաւ կիսաւարտական եւ պիտի մրցի Մոլտովայի Վիթալի Էտիեմենկոյի դէմ:
130 քկ կշիռի մրցումներուն, Ալպերթ Վարդանեան հասաւ կիսաւարտական եւ պիտի մրցի ռուս Տմիթրի Պապորիքոյի դէմ:


