Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 17, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանն ու Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Եգիպտոսի մէջ իրենց հանդիպումի ընթացքին յայտնեցին. «Պէտք է յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը, կայունութիւնն ու հողերու անվտանգութիւնը»:

– ՔԱԹԱՐԻ վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ մեր առաջնահերթութիւնը պատերազմը դադրեցնելն է, եւ լիբանանցի քաղաքագէտներու հետ ընդարձակ հաղորդակցութիւններ կատարեցինք: Լիբանանի մեծագոյն տագնապը պատերազմն է, որ շուրջ 1 միլիոն 200 հազար լիբանանցիի տեղահանութեան պատճառ դարձաւ»:

– ԱՒՍՏՐԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտեր Շալենպերկ յայտարարեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին մասնակից Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները իրենց ուժերը հարաւային Լիբանանէն հեռացնելու մտադրութիւն չունին,  հակառակ Իսրայէլի կոչերուն:

«Անոնք այդտեղ են, որպէսզի այդտեղ մնան, սակայն մեր ուժերուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը չափազանց կարեւոր հարց է, եւ պէտք է բոլորին կողմէ երաշխաւորուի», ըսաւ ան:

– ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի դատապարտեց «իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով աւելի քան 1 միլիոն 200 հազար լիբանանցիներու իրենց տուներէն տեղահանութիւնը»:

«Իսրայէլի Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու թիրախաւորումը միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում է», ըսաւ ան:

– ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Նոել Պարրոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է դադրեցնել Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ Իսրայէլի որեւէ նոր արկածախնդրութենէ զգուշացուց:

Ան նշեց, որ տեղահանուածներուն կացութիւնը վատ է` կոչ ուղղելով «վերացնելու սիոնական գոյացութեան դրած խոչընդոտները եւ տեղահանուածներուն միջազգային մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկելու»:

– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին. «Ուաշինկթըն Իսրայէլի նման հիասթափուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի` Հըզպալլային զէնքեր թաքցնել չարգիլելէն»:

Նախորդը

Զուիցերիոյ Մէջ Կը Քննարկեն Արցախի Հայերու Վերադարձի Նիւթով Խաղաղութեան Համաժողով Կազմակերպելու Հարցը

Յաջորդը

Մաքրոն. «Նեթանիահուն Պէտք Չէ Մոռնայ, Որ Իր Երկիրը Ստեղծուած Է ՄԱԿ-ի Որոշումով»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.