Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վատիկանի Հետ Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Սերտ Յարաբերութիւնը Վերանորոգ Թափով Կը Շարունակուի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

October 7, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, ընդունեց կաթոլիկ եղեցեւոյ եպիսկոպոս Ռիչըրտ Հանինկի այցելութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Նազարեան:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց եպիսկոպոսին սերտ յարաբերութիւնը հայ համայնքին հետ եւ անոր մասնակցութիւնը մեր եկեղեցւոյ կազմակերպած ձեռնարկներուն: Ապա, Հայրապետը անդրադարձ կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի յարաբերութեան: Նորին Սրբութիւնը յիշելով շուրջ երկու ամիս առաջ Վատիկան կատարած այցելութիւնը եւ ունեցած հանդիպումները Ֆրանսիս Պապին եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ՝ շեշտեց, թէ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ ինք յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ, հետեւաբար, սպասելի է, որ այդ յարաբերութիւնը իր արտայայտութիւնը գտնէ տեղական մակարդակի վրայ: Եպիսկոպոս Հենինկ, որ շուտով պիտի նշանակուի Պոսթընի արքեպիսկոպոս եւ հաւանաբար, մօտ ապագային, քարիտնալի աստիճան ստանայ, գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ եկեղեցւոյ մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ ազգային առաջնորդարանին հետ սերտ կապեր կը մշակէ:

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դատական ելոյթներով մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիօ

Յաջորդը

Մարաջախտ Օթթօ Լիման Վոն Սանտըրզ` 7000 Հայեր Փրկած Գերմանացի Զինուորականը Marechal Otto Liman Von Sanders

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.