Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Իններորդ Թիւը

October 7, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբերը մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ յատկանշուած է Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւններու հռչակման կարեւորագոյն իրադարձութիւններով: Դժբախտաբար Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւններուն օրօք մենք զրկուեցանք արցախեան յաղթանակի հպարտառիթ տօնը նշելու կարելիութենէն: Այնուամենայնիւ,  ազգային մտածողութեան տէր ուժերու, հասարակական խաւերու ու անհատներու համար պատմական օրուան նշումը ունի աւելի քան խորհրդանշական արժէք: Անիկա նաեւ իւրայատուկ ուղերձ է աշխարհին, որ ի տարբերութիւն դրածոյ իշխանութիւններուն` հայութեան համար այս խնդիրը փակուած չէ, եւ մեր արդար իրաւունքներու համար պայքարը պիտի չընդհատուի:

«Դրօշակ» պաշտօնաթերթի սեպտեմբերեան թիւը նոյնպէս հիմնականին մէջ նուիրուած է` Արցախին, արցախահայութեան, վերջիններուս շուրջ կատարուած եւ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Քաղաքագիտութեան եւ ազգային անվտանգութեան հարցերու մասնագէտ Արփի Աբրահամեան հիմնուելով Արցախի անկախ պետականութեան կերտման իրաւաքաղաքական հիմքին վրայ` կը փաստէ, որ այդ հիմքը անխոցելի է, եւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ, արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը արդարացուած է: Արցախցի լրագրող Տաթեւիկ Աղաջանեանի յօդուածը կը վերաբերի այն դժուարութիւններուն, որոնց կը բախին Հայաստան տեղափոխուած արցախահայերը` հիմնականօրէն իբրեւ հետեւանք Հայաստանի իշխանութիւններու հակաարցախ քաղաքականութեան:

«Դրօշակ»-ի այս տարուան յուլիսի թիւին մէջ յօդուածներով թերթը անդրադարձած էր ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ իրականացուած «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» հետազօտութիւններու մրցոյթին: Սեպտեմբերեան թիւին մէջ «Դրօշակ»-ը կը շարունակէ եւ կ՛եզրափակէ մրցոյթին մէջ յաղթած յօդուածներու հրապարակումը` համառօտ ներկայացնելով յաղթող երիտասարդները: Խմբագրութիւնը այսպիսով իր աջակցութիւնը կը յայտնէ այս կարեւոր նախաձեռնութեան` յուսալով, որ հետագայ մրցոյթներուն եւս Արցախի ու Հայաստանի երիտասարդ քաղաքագէտները, վերլուծաբանները, ընկերաբանները եւ այլ մասնագէտներ նոյնքան պատասխանատուութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պիտի ներգրաւուին` այն համոզումով, որ իրենց ուսումնասիրութիւնները հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն ոչ միայն հիմնահարցերով հետաքրքրուողներուն, այլ նաեւ` համապատասխան մասնագիտական շրջանակներու: Որպէսզի նախաբան ծառայող այս խօսքէն ընթերցողը պատկերացում կազմէ, թէ խօսքը ի՛նչ ուսումնասիրութիւններու մասին է, տեղեկացնենք, որ Տաթեւիկ Դաւթեանը, Վահագն Խաչատրեանը եւ Ժաննա Վարդանեանը ներկայացուցած են համապատասխանաբար հետեւեալ նիւթերու ամփոփագիրները` «Արցախից բռնի տեղահանութեան ազդեցութիւնը Արցախի երեխաների իրաւունքների վրայ», «Ազրպէյճանի կողմից իրականացուող մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախում» եւ «Զէնք` նաւթի դիմա՞ց, թէ՞ աւելին. Ազրպէյճան-Իսրայէլ կապերի ներկան ու ապագան»:

Արցախի թեմայի ուղղակի շարունակութիւնը կարելի է նկատել վերլուծաբան Սարգիս Սարգսեանի ծաւալուն յօդուածը հետեւեալ խորագիրով` «44-օրեայ պատերազմի արիւնոտ դասերը»: Տեղական ու միջազգային հեղինակաւոր աղբիւրներու հիման վրայ կազմուած հետազօտութիւնը կը վերաբերի անկախութեան հռչակումէն ի վեր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ձեռք բերած զինատեսակներուն, անոնց ձեռքբերման երկիրներուն, քանակին, ինչպէս եւ` երկու երկիրներու եւ Արցախի ունեցած մարդկային եւ զինական կորուստներուն 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ: Աւելցնենք, որ հրապարակուող նիւթը ընդհանուր եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան առաջին մասն է, իսկ միւսները կը ներկայացուին յաջորդաբար:

«Դրօշակ»-ի այս թիւը կրնաք ընթերցել այցելելով` https://www.arfd.am/droshak/

Նախորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Մանկապարտէզի Երրորդ Դասարանի Դասագիրքի Ծրարի Ներկայացում

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Հաւատ Սեփական Ուժերի Նկատմամբ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.