Մանչեսթըր Սիթի այս ձմրան հաւանական է, որ ստիպուի նոր միջնապահ մը ձեռք ձգել Ռոտրիի ձգած բացը գոցելու նպատակով:
Ըստ աղբիւրներու, Պարսելոնայի միջնապահ Ֆրենքի տը Եոնկ կը գրաւէ Սիթիի ուշադրութիւնը: Անգլիոյ ախոյեան Սիթի կը դիտարկէ 27 տարեկան նետերլանտցի միջնապահ ձեռք ձգելու տարբերակը:
Տը Եոնկի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 70 միլիոն եւրոյով: Նախապէս Պարսելոնա կ՛ուզէր «բաժնուիլ» Տը Եոնկէն` իր բարձր աշխատավարձին պատճառով:


