Դաշնակցական երիտասարդութիւնը յուսախաբ չէ: Տասնամեակներ շարունակ Արցախի յաղթանակներով դաստիարակուած տղաքն ու աղջիկները այսօր հիասթափութիւն կ՛ապրին` տեսնելով Հայաստանի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ներկսյ իրավիճակը: Իբրեւ մանուկներ կամ պատանիներ` դժուար էր պատկերացնել, որ Հայաստանի մէջ կարելի պիտի ըլլայ տեսնել իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, յատկապէս` ազգային նիւթերու եւ շահերու շուրջ:
Դժբախտաբար 2018-ի իշխանափոխութիւնը մեր ազգին պարտադրեց քաղաքական նոր վերնախաւ մը, որուն նպատակը դարձաւ տկարացնել մեր հայրենիքը, անպատիւ ստորագրութեամբ մը յանձնել մեր հողերը եւ թունաւոր դաւաճանութեամբ անարգել մեր նահատակներուն յիշատակը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը նահատակներ ունեցող միութիւն է, հպարտօրէն: Հետեւաբար ԼԵՄ-ականը կը հասկնայ նահատակ ունենալու արժէքը եւ անոր յիշատակը յաւերժացնելու ու յարգելու պարտականութիւնը:
Արցախի կորուստէն ետք մեր ազգը մուտք գործեց հայոց նորագոյն պատմութեան նոր փուլ մը, որուն հիմնական խորագիրը, ըստ երեւոյթին, զարգացող անտարբերութիւնն է: Անտարբեր են բոլորը անխտիր: Բազմաթիւ երէցներ իրենց ֆիզիքականը պատճառաբանելով` կը մնան անտարբեր ներկայ հարցերուն նկատմամբ, հաստատելով, որ ելք գտնելը երիտասարդութեան պարտականութիւնն է: Միջին տարիքի անձերը անտարբեր են` ըսելով, որ իրենք ժամանակ չունին նման հարցերով զբաղելու ու պիտի չկրկնեն իրենց նախնիներու «սխալները»: Այսպիսով, ազատագրական պայքարը եւ ազգային արժէքները դարձած են «պատմական սխալներ»:
Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին մենք անկախութիւններ կերտող ժողովուրդի արժանի աշխատանքներ ու նախաձեռնութիւններ ունենալու փոխարէն, ամէն բան կորսնցնելու եզրին ըլլալով, ակնկալեցինք, որ քարոզներու կամ ցոյցերու փոխարէն` դիմուէր վճռական քայլերու: Տարիքային բոլոր խաւերը աշխատանք ունին: Երիտասարդութիւնը կը սպասէ երէցներուն հոգատարութիւնը, միջին տարիքի անձերուն` դէպի գործնական ուղղութիւնը եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ընթացքին վերջակէտի յայտարարումը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


