Արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միջազգային ֆետերասիոնի միութեան (ՖԻՖԱփրօ) նախագահի խորհրդական եւ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի նախկին նախագահ Միշել Փլաթինի առաջարկ ներկայացուցած է օրէնքներու հիմնական փոփոխութիւն կատարելու:
«Կարծեմ իւրաքանչիւր խումբէ եթէ 1 մարզիկ պակսի, 10 հոգիով պէտք է խաղանք: Անցեալ դարուն անոնք 11 հոգիէ կազմուած խումբերով կը մրցէին, սակայն այն ժամանակ մարզիկները աւելի քիչ եւ աւելի դանդաղ կը վազէին, քան այսօր: Այդ ժամանակ անոնք ֆիզիքապէս աւելի տկար էին: Հետեւաբար լաւ գաղափար կ՛ըլլայ պակսեցնել անոնց թիւը: Դաշտին մէջ ալ աւելի ազատ տարածութիւն կ՛ըլլայ», ըսաւ Ֆրանսայի պատմութեան նախկին լաւագոյն աստղերէն Միշել Փլաթինի, «Էր. Էմ. Սի.»-ի հետ զրոյցի մը պահուն:
Ֆութպոլի օրէնքներու ստեղծումէն ի վեր ֆութպոլը կը խաղցուի 11 հոգիով, սակայն յստակ չէ, թէ օրէնքները փոխուի՞ն օր մը:


