Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկ Արթուր Միրանեան, որ միացած էր Ռումանիոյ Ունիվերսիթաթէա Քլիւժի, իր առաջին մրցումին կոլ մը նշանակեց Ունիրեա Ալփայի դէմ բարեկամական մրցումին:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ալփայի դաշտին վրայ, վերջ գտաւ Քլիւժի յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով:
Արթուր Միրանեան 17-րդ վայրկեանին նշանակեց իր եւ մրցումին առաջին կոլը` իր առաջին ելոյթին: Ան մասնակցեցաւ 82 վայրկեան եւ տպաւորեց իր խաղարկութեամբ:


