– Պարսելոնայի սպանացի յառաջապահ Անսու Ֆաթի յունուարին փոխանցումներու ձմեռնային պատուհանին բացուելուն ժամանակ հաւանական է, որ լքէ խումբը: 21 տարեկան ֆութպոլիստը հաւանական է, որ միանայ Սեւիային աշխատավարձով: Ան անցեալ եղանակին ալ Պրայթընին («Փրեմիեր լիկ») միացած էր` կատարելով 19 մրցումներ եւ նշանակելով 2 կոլ:
– Ռէալ Մատրիտ ամէն գնով կ՛ուզէ ձեռք ձգել Պայեր Լեւերքուզընի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Ֆլորիան Վիրցը: Մատրիտ պատրաստ է 150 միլիոն եւրօ վճարելու` ձեռք ձգելու համար Վիրցը, որուն փոխանցումով հետաքրքրուած են Պայերն Միւնիխ եւ Մանչեսթըր Սիթի:
– Պայերն Միւնիխի միջնապահ Եոշուա Քիմիչ յայտնեց, թէ պատրաստ է ակումբին հետ քննարկելու նոր պայմանագիրը: Վերջերս շշուկներ շրջան կ՛ընէին, թէ Քիմիչ կրնայ լքել Պայերնը: Պարսելոնա, ՌԷալ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Սիթի հետաքրքրուած էին Քիմիչի ծառայութիւններով:
– Պայերն Միւնիխ տակաւին կապի մէջ է ձեռք ձգելու Պայեր Լեւերքուզընի կեդրոնի պաշտպան Եոնաթան Թահը: Անցեալ օգոստոսին նիւթ կը դառնար անոր միանալուն մասին, բայց լուրջ մերձեցում տեղի չէր ունեցած երկու խումբերուն միջեւ:
– Լիվըրփուլի ղեկավարութիւնը կը մտածէ եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահը փոխարինողին մասին: Հաւանական է, որ Սալահ լքէ Լիվըրփուլը այս եղանակի աւարտին, եւ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Լիվըրփուլ մօտէն հետաքրքրուած է Պայերնի մարզիկ Լիրոյ Սանէով:
– Պայերն Միւնիխ այժմէն կը մտածէ իր ապագայ բերդապահին մասին, որ կրնայ փոխարինել Մանուէլ Նոյըրը, եթէ վերջինս լքէ իր ասպարէզը: Նիւթեր շրջան կ՛ընեն, թէ Պարսելոնայի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն ըլլայ գլխաւոր թեկնածուն:
– 35 տարեկան խրուաթ միջնապահ Իվան Փերիշիչ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Նետերլանտներու ՓՍՎ Այնտհովըն խումբին հետ: Փերիշիչ, որ Հայթուկ Սփլիթի մարզիկ էր, վերջերս վէճ մը ունեցած էր իտալացի մարզիչ Ճենարօ Կաթուզոյի հետ եւ լքած ակումբը:
– Իտալիոյ ախոյեան Ինթեր Միլան յառաջիկայ եղանակին մտադիր է ձեռք ձգել Ասթոն Վիլայի միջնապահ Ճէյքոպ Ռեմսին: Ինթեր կը կարծէ, որ Ռեմսի մեծ ներուժ ունի, անոր արժէքը մօտիկ ապագային շատ պիտի բարձրանայ:
– Ա. Սէ. Միլանի նետերլանտցի միջնապահ Թիճանի Ռէյնտերս հաւանական է, որ յառաջիկայ տարեշրջանին միանայ Մանչեսթըր Սիթիի: Ըստ երեւոյթին, Կուարտիոլա համոզուած է միջնապահին մակարդակէն եւ կ՛ուզէ ձեռք ձգել զայն:
– Մանչեսթըր Եունայթըտ կը մտածէ յաջորդ եղանակին, Ճեյտըն Սանչոյի տեղափոխութենէն ետք Չելսի, ձեռք ձգել Քրիսթըլ Փելեսի ծայրի յառաջապահ Էպետեչէ Եզեն: Անգլիոյ ազգային խումբի մարզիկ Եզէի փոխանցման արժէքը կը նախատեսուի 68 միլիոն սթերլինկով:
– Փարիզ Սեն Ժերմենի աջ պաշտպան Աշրաֆ Հաքիմի շահ գոհ է ֆրանսական կազմին հետ եւ կ՛ուզէ մնալ Փարիզ: Շշուկներ շրջան կ՛ընէին, թէ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտը կ՛ուզէ վերստին իր կազմին մէջ առնել Հաքիմը:
– Ճափոնցի պաշտպան Թաքիհիրօ Թոմիասու հաւանաբար ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանի ժամանակ լքէ Արսենալը` վերադառնալու Իտալիա:
Եուվենթուս, Ինթեր Միլան եւ Նափոլի հետաքրքրուած են ճափոնցի պաշտպանին ծառայութիւններով:


