ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ապահովական վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 2024-ի «Կադանս»-ի ձեռնարկը յետաձգուած է:
Նոր թուականը կը յայտարարենք հետագային:
—————————————
ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ
ՀՅԴ Տնտեսական յանձնախումբին կազմակերպուած վիճակաձգութիւնը յետաձգուած է 21 հոկտեմբեր 2024-ին:
—————————————
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Կիրակի, 22 սեպտեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն` հայրենիքին վերանկախութեան 33-րդ տարեդարձին առիթով:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Ս. պատարագի մատուցման, որպէսզի միասնական աղօթքներով խնդրենք Ամենակալէն, որ ամուր ու անսասան պահէ մեր հայրենիքը եւ զայն փրկէ ամէն տեսակ փորձութենէ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՆՈՐԱ ՏԷՒԷՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 սեպտեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2024-2025 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այսու կը ծանուցենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, 2024-2025 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւններու համար, իր դռները բացած է եւ նոր սաներ կ՚ընդունի մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2024։ Հետեւաբար, բոլոր այն պատանիները, որոնք 12 տարեկանը բոլորած են եւ կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել դպրեվանքին մէջ թող բարեհաճին դիմել Դպրեվանքի տեսչութեան՝ հեռաձայնելով 71 912 832 թիւին։
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 12 հոկտեմբեր 2024-ին:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն կամ շրջող հանգանակիչներուն:
—————————————
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի դասաւանդութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024-ին, նորահաստատ Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
Կրթական եռամեայ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հայերէն լեզու եւ գրականութիւն, հայերէն քերականութիւն, գրական գիտելիքներ, գրաբար, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, մատենագիտութիւն, բանահիւսութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն, ընդհանուր հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն եւ ժամանակակից հայոց պատմութիւն:
Այս տարեշրջանին պիտի ստեղծուի առցանց դասաւանդութիւններու դրութիւն` սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն համար: Դասաւանդութիւնները տեղի պիտի ունենան ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30 (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Նիւթերը կը դասաւանդուին սփիւռքէն եւ հայրենիքէն փորձառու ու վաստակաւոր ուսուցիչներու եւ յատուկ հրաւէրով կեդրոն ժամանող մասնագէտներու կողմէ:
Դասաւանդութիւններուն կանոնաւոր հետեւողները եռամեայ ծրագիրի աւարտին կը ստանան համապատասխան վկայագիր:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04 410 001 եւ 03 713 897 թիւերուն, կամ կապ հաստատել [email protected] հասցէին:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2024-2025
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 12-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
- Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն առիթ պիտի ընծայուի առցանց հետեւելու դասընթացքներուն:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 26 օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսումը անվճար:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
- 1 լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
