Ֆորմիւլա 1-ի ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն Ատրիան Նիուի պիտի միանայ Ասթոն Մարթինին, 2 մարտին լքելէ ետք Ռետ Պուլը` ամիսներ լուռ մնալէ ետք իր յաջորդ խումբին մասին:
Ինքնաշարժի գծագրութեան մասնագէտ Նիուի գրեթէ 20 տարի Ռետ Պուլի հետ էր` խումբը պատմական քարտէսի վրայ դնելով Ֆորմիւլա 1-ի մէջ:
Այս քայլով Ասթոն Մարթին հաստատեց, որ կ՛ուզէ իր ներկայութիւնը փաստել եւ պայքարիլ Ֆորմիւլա 1-ի տիտղոսին համար, միլիառատէր Լորենս Սթրոլի հետ միասին:
Նիուի իր պաշտօնին պիտի հասնի իբրեւ վարչական թեքնիք խմբակից, ճիշդ այն պահուն, երբ Ասթոն Մարթին պիտի պատրաստուի Ֆորմիւլա 1-ի ինքնաշարժները նոր ձեւով բանեցնել 2026-էն սկսեալ: Ան խումբին մէջ բաժնեկից ալ պիտի ըլլայ:
Նիուի յայտնեց, որ ինք եւ Սթրոլ իրար ծանօթ են Ասիոյ մէջ միասնաբար մարզանքի երթալով, երբ Ֆորմիւլա 1-ը Ասիոյ մէջ մրցումներ ունենայ:
Անցեալ յունիսին Նիուի այցելած էր Ասթոն Մարթինի նոր կեդրոնը, ուր քանատացի միլիառատէր Սթրոլ յայտնած էր Ասթոն Մարթինի ցանկութեան մասին` զօրաւոր խումբ մը պատրաստելու, որ կրնայ պայքարիլ Ֆորմիւլա 1-ի տիտղոսին համար:
«Պէտք է հաշտուիս դուն քեզի հետ ու միշտ «թարմ» մնաս, եւ այդ պատճառով կ՛ուզէի նոր մրցակցութիւն` նոր խումբ: Շատ ուրախ էի, որ շատ մը խումբեր ուզեցին զիս, բայց իրաւ կ՛ըսեմ` Լորենսի մօտեցումը եւ ախորժակը աներեւակայելի էին… եւ համոզիչ», ըսաւ Նիուի:
Սթրոլի անձամբ մօտեցումը քիչ մը «հին օրեր»-ը յիշեցուց իր հին պատասխանատուները նախկին Ուիլիամսի եւ Մաքլարենի 90-ականներուն, ուր ախոյեան խումբեր դարձած էին Նիուիի ներկայացուած ինքնաշարժներով:
Վերջին անգամ, երբ Ֆորմիւլա 1-ը մեծ փոփոխութիւններ կրեց, 2022-ին էր, երբ Նիուիի պատրաստած Ռետ Պուլը իր յաջող աէրօտայնեմիքսով գերազանցեց Վերշթափընի գլխաւորութեամբ:
Այժմ Ասթոն Մարթինի վարորդները 2 անգամ աշխարհի ախոյեան Ֆեռնանտօ Ալոնսոն եւ Լանս Սթրոլն են (Լորենսի զաւակը): Նիուի յայտնեց, որ Լանսին գիտէ իր Ֆորմիւլա 3-ի օրերէն, երբ իր զաւակին հետ մրցակից էին, մինչ Ալոնսօ միշտ «թշնամի» խումբերու վարորդ եղած էր Նիուիի խումբերուն:
Մինչ Նիուի 2026-ի ինքնաշարժին վրայ պիտի աշխատի, Ասթոն Մարթին պիտի փորձէ ետ չմնալ մրցակից խումբերէն, մանաւանդ որ այս տարի լաւագոյն դիրքը, որ գրաւած է, 5-րդ դիրքն է:
Անցեալ տարի Ալոնսօ 8 անգամ փոտիում բարձրացած էր:
2006-ին Նիուի միացած էր Ռետ Պուլին, որ 7 անգամ ախոյեանութիւն շահեցաւ, ներառեալ վերջին 3 յաջորդական Մաքս Վերշթափընի ախոյեանութիւնները: Ռետ Ռուլ 6 անգամ ինքնաշարժներու ախոյեան ալ դարձաւ:
Անցեալ մայիսին Ռետ Պուլ յայտնած էր, թէ Նիուի պիտի լքէ Ռետ Պուլը 2025-ի սկիզբը, եւ այս տարի կեդրոնանայ Ար. Պի. 17 ինքնաշարժի կառուցման վրայ:


