Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

August 23, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զանազան առիթներով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական ծրագիրներու, ընկերային հաւաքներու կամ ընթացիկ հանդիպումներու ընթացքին ԼԵՄ-ականներ մնայուն կերպով հարց կ՛ուղղեն Հայ դատի աշխատանքներուն, հետագայ ծրագիրներուն եւ հեռանկարներուն ու այս մարզին մէջ երիտասարդութեան պարտաւորութիւններուն մասին:

Իրականութեան մէջ Հայ դատը սահմանող ամէնէն յստակ եւ բովանդակալից փաստաթուղթը կը շարունակէ մնալ Սեւրի դաշնագիրը: Աշխարհաքաղաքական իրականութիւններէն անդին` Սեւրի դաշնագիրը արտայայտութիւնն է 1045-ի Անիի անկումէն ետք ազգի մը ազատ եւ անկախ ապրելու տենչին:

Սակայն, ներկայիս, այս իրականութենէն անդին, ազգովին կը փնտռենք ներկայ յուսալքութենէն եւ զարգացող անտարբերութենէն իրական ելք մը: Ասոր պատասխանը կը գտնուի Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Օրինակի համար, Արշակունեաց հարստութեան անկումէն մինչեւ Բագրատունեաց հարստութեան հաստատում, կան 457 երկար տարիներ, որոնց ընթացքին հայ ժողովուրդը ապրեցաւ օտար լուծերու տակ: Եթէ այդ օրերու հայը համբերեց 457 տարի եւ դարձեալ կերտեց անկախութիւն, Արցախի կորուստէն տարի մը ետք ոեւէ հայ իրաւունք չունի յուսահատութեան շշուկ մը արձակելու:

Այս իմաստով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 4-11 օգոստոս 2024-ի «Վերադարձ դէպի արմատներ» խորագիրով բանակումը լայնօրէն անդրադարձաւ Հայոց պատմութեան զանազան փուլերուն` հասնելով մինչեւ ազատագրական պայքար, կուսակցութիւններու հիմնադրութիւն, ցուցական արարքներ, «Նեմեսիս» եւ ներկայ իրավիճակները: Այս բոլորին ընդմէջէն ծանօթացում կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի աւելի քան 4500 տարուան պատմութեան մասին:

Հայ երիտասարդը ընդհանրապէս եւ դաշնակցական երիտասարդը` մասնաւորապէս, կարիքը ունին հզօր առաջնորդներու, որոնք պիտի ճշդեն առաջադրանքներ եւ վերականգնեն ժողովուրդին ինքնավստահութիւնը եւ արժանապատուութիւնը:

Վրէժխնդրութեան կողքին, Հայ դատի աշխատանքները հետապնդելու համար կարիքը կայ բազմաճակատ մարզերու մէջ ամրապնդելու եւ ուժեղացնելու մեր դիրքերը: Այս իմաստով յիշենք Հրաչ Տասնապետեանի «Ո՞վ է դաշնակցականը» աշխատութենէն հետեւեալ հաստատումը. «Ճիշդ է նաեւ, որ իւրաքանչիւր անհատ չի կրնար լրիւ յարմարիլ աշխատանքի բոլոր մարզերուն եւ բոլոր ձեւերուն…»: Հետեւաբար կարիքը կայ կազմակերպուելու` մնայուն կերպով աւելի ուժեղացնելով մեր գաղութի եւ միութիւններու կազմակերպուածութիւնը:

ԼԵՄ-ականը այսօր կը ձգտի` ամէն օր քիչ մը աւելի կազմակերպուելու, քիչ մը աւելի զարգանալու, քիչ մը աւելի դաշնակցականանալու: Այս իրավիճակին մէջ Սեւրի դաշնագիրի 104-ամեակին առիթով, դաշնակցական երիտասարդութիւնը պատրաստ է երեւելի եւ աներեւոյթ, ներքին ու արտաքին, ներկայ եւ ապագայ բոլոր թշնամիներուն դէմ դնելու: Իսկ դո՞ւք:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Հայկական Դիւանագիտութիւնը Եւ Սեւրի Պատմական Նշանակութիւնը

Յաջորդը

Ընկերային Ցանցերը Հակամարտութիւններու Մէջ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.