Երկուշաբթի գիշեր Քիկալիի մէջ սկսաւ աղջկանց պասքեթպոլի 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով Ռուանտա – Լիբանան մրցումը:
Հիւրընկալ խումբը բարձր մակարդակի պասքեթպոլ խաղցաւ` իր 5.083 համակիրներուն ներկայութեան:
Ռուանտոյի սենթըր Պելլա Մուրեքաթեթէ, որ ամերիկեան Ուաշինկթըն Սթէյթի համալսարանի խումբէն կը խաղայ, 24 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ: 34 տարեկան Քիշա Հեմփթըն, որ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի մարզիկ եղած է Շիքակօ Սքայի հետ, 21 կէտ նշանակեց:
Լիբանանի լաւագոյն կէտ նշանակող մարզիկներն էին` Ամար Մանսուր (18 կէտ), Ռեպեքքա Աքլ (16 կէտ), Թրինիթի Պափթիսթ (11 կէտ), Զենա Էլիաս (9 կէտ), Փերլա Պու Նասր (4 կէտ) եւ Ռանա Հիւսէյնի (4 կէտ):
Ամար Մանսուր 35 վայրկեանէ աւելի մասնակցեցաւ, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներ Փերլա Պու Նասր` 23:50 վայրկեան, Փաթիլ Ասատուրեան` 2:15 վայրկեան, իսկ Նարինէ Կէօքճեան` 1 վայրկեան:
Այսօր, Լիբանան պիտի մրցի Բրիտանիոյ դէմ, որ Արժանթինի դէմ առաջին մրցումին 53-47 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:
Յոյսով, որ մարզիչ Իոաննիս Տամաթաքոսի ցուցմունքներով Լիբանանի ազգային խումբը աւելի լաւ ելոյթ մը կ՛ունենայ Բրիտանիոյ դէմ:
Միւս խմբակին մէջ, Պրազիլ 77-74 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, իսկ Սենեկալ 63-61 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Հունգարիան:
Հինգշաբթի օր (վաղը) Լիբանան կը մրցի Արժանթինի դէմ, իսկ Ռուանտա` Բրիտանիոյ:


