Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայեր Լեւերքուզըն Շահեցաւ Գերմանիոյ Գերբաժակը

August 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պայեր Լեւերքուզըն, որ անցեալ տարեշրջանին 51 մրցումներ անյաղթ մնալէ ետք համաշխարհային մրցանիշ իրագործած էր, շաբաթ օր շահեցաւ տիտղոս մը եւս` ձեռք ձգելէ ետք Գերմանիոյ գերբաժակը:

Շատ հետաքրքրական մրցում մըն էր Գերմանիոյ ախոյեան եւ բաժակակիր Պայեր Լեւերքուզընի եւ ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը գրաւող Շթութկարթի միջեւ:

Նիկերիացի յառաջապահ Վիքթոր Պոնիֆաս, Էտմոնտ Թափսոպայի փոխանցումէն օգտուելով, զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց Լեւերքուզընի առաջին կոլը:

Շթութկարթի միջնապահ Էնզօ Միյյօ 4 վայրկեան ետք կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը` օգտուելով Մաքսիմիլիան Միթէլշթատի փոխանցումէն:

25-րդ վայրկեանին Շթութկարթի պոսնիացի յառաջապահ Էրմետին Տեմիրովիչ հարուածեց, բայց գնդակը դպաւ Լեւերքուզընի բերդին դուրսի կողմը եւ դուրս ուղղուեցաւ:

37-րդ վայրկեանին, ֆրանսացի Մարթին Թերրիէ անտեղի կարմիր քարտ մը ստացաւ եւ դժուարացուց մարզիչ Չապի Ալոնսոյի գործը:

2 վայրկեան ետք, Ալոնսօ փոխարինեց Պոնիֆասը` կեդրոնի պաշտպան Եոնաթան Թահվ, աւելի պաշտպանողական մրցում խաղալու համար, մանաւանդ որ 1 մարզիկի առաւելութիւն ունեցող Շթութկարթ կը ճնշէր:

42-րդ վայրկեանին այս անգամ Միյյօ գնդակը դպցուց Լեւերքուզընի բերդի սիւնին:

Կիսախաղ չեղած, աջ կողմի պաշտպան Փասքալ Սթենզել այս անգամ Լեւերքուզընի բերդին աջ սիւնը ցնցեց:

Բ. կիսախաղին, Պայերն Միւնիխէն փոխ տրուած միջնապահ Ֆրանս Քրացիկ (Շթութկարթ) գնդակը փոխանցեց Տենիզ Ունտաւի, որ քառակուսիին մէջէն անզսպելի հարուածով նշանակեց Շթութկարթի 2-րդ կոլը:

88-րդ վայրկեանին, գեղեցիկ խմբային խաղէ մը ետք Փաթրիք Շիք նշանակեց Պայեր Լեւերքուզընի հաւասարութեան կոլը:

Հաւասարութեան այս կոլէն ետք 95-րդ վայրկեանին իրաւարարը սուլեց մրցումի աւարտը, եւ դիմուեցաւ վճռող փենալթիներուն:

Միյյօ (Շթութկարթ), Շիք (Լեւերքուզըն), Տեմիրովիչ (Շթութկարթ) եւ Կրեմալտօ (Լեւերքուզըն) նշանակեցին յաջորդական փենալթիները:

Լեւերքուզընի ֆինլանտացի բերդապահ Լուքաս Հրատեքի կրցաւ զսպել Քրացիկի հարուածը, մինչ Ալեքս Կարսիա նշանակեց Լեւերքուզընի փենալթին: Ունտաւ նշանակեց Շթութկարթի 4-րդ փենալթին, որուն անմիջապէս պատասխանեց Թափսոպան, մինչ Շթութկարթի 5-րդ եւ վերջին փենալթին բաւական բարձր հարուածեց Քոնկոյի յառաջապահ Սիլաս` վերջ դնելով Շթութկարթի յոյսերուն, մինչ Լեւերքուզըն շահեցաւ իր պատմութեան 3-րդ տիտղոսը` բոլորն ալ 2024-ին, սպանացի մարզիչ Չապի Ալոնսոյի հետ:

 

 

 

Նախորդը

Կարէն Աւոյեան Կը Մարզէ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Յաջորդը

Ճատրակ. Արոնեան 4-րդ Դիրքը Գրաւեց Սէյնթ Լուիսի Մրցաշարքին

RelatedPosts

Նշմար.  Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք
Մարզական

Նշմար. Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք

October 10, 2026
Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  29 Նոյեմբերին` «Սփինիս Մարաթոն»-ի Մրցումը
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. 29 Նոյեմբերին` «Սփինիս Մարաթոն»-ի Մրցումը

October 10, 2026
Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.