Մեծ շահով մը, Տորթմունտ Ֆիւլքրուկը «ծախեց» «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբերէն Ուեսթ Համին:
Անակնկալ եւ շատ արագ որոշումով մը, Գերմանիոյ ազգային խումբի յառաջապահ Նիքլաս Ֆիւլքրուկ լքեց Տորթմունտը եւ միացաւ Ուեսթ Համին:
31 տարեկան յառաջապահը, որ անցեալ տարեշրջանին միացած էր Տորթմունտին, ուրբաթ օր կարճ խորհրդակցութիւններէ ետք երկուշաբթի օր (երէկ) հասաւ Անգլիա եւ 4 տարուան համար պիտի միանայ, 27 միլիոն եւրոյի փոխարէն, առաւել 5 միլիոն եւրօ կրնայ աւելնալ իբրեւ պոնիւս, որոնցմէ 3 միլիոնը հաստատ վճարում պիտի ըլլայ: «Դեղինները» այս ձեւով 30 միլիոն եւրոյի շահ մը ապահովեցին:
Ֆիւլքրուկ անցեալ եղանակին եկած էր Տորթմունտ` լքելով Վերտըր Պրեմընը մօտ 13 միլիոն եւրոյի, ուր 46 կոլեր նշանակած էր 99 մրցումներու ընթացքին:
Տորթմունտի հետ ան 43 մրցումներ կատարեց` նշանակելով 15 կոլեր: Ան Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ ալ մասնակցած էր Եուրոյին` նշանակելով 2 կոլեր: Ան ազգային խումբին շապիկը կրած է 21 անգամ եւ նշանակած 13 կոլեր:


