Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Սփիւռքահայութեան Նկատմամբ Թրքական «Նոր» Քաղաքականութեան Առաջին Քայլը

April 18, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական լրատուամիջոցներ, ներառեալ` Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը, Ուաշինկթընի մէջ հինգշաբթի, 12 ապրիլին տեղի ունեցած «հայ-թուրք հաշտութիւն» խորագիրին տակ հանդիպումի մը մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին: Անոնք հանդիպումը ներկայացուցին իբրեւ «Միացեալ Նահանգներու մէջ թուրքերու հետ երկխօսութիւն հաստատելու կողմնակից հայեր գտնելու եւ անոնց հետ երկխօսութիւն հաստատելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած նոր քաղաքականութեան առաջին քայլը»:

Նշեալ լրատուամիջոցները հանդիպումին մասնակից հայերը կը ներկայացնեն իբրեւ երկխօսութեան կողմնակից հայեր, իսկ այսպիսի հանդիպումները մերժողները` ծայրայեղական հայեր: Իրականութեան մէջ տեղի ունեցածը չափաւորականութեան կամ ծայրայեղականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի, այլ` անմտութեան եւ խոհեմութեան: Զարմանալի է, որ նմանօրինակ բազմաթիւ «թրքական խաղերէն» ետք տակաւին կան հայ անհատներ, որոնք երկխօսութեան այսպիսի հրաւէրի մը ծուղակը կ՛իյնան:

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ հանդիպումին մասնակից հայերէն մէկը հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ հանդիպումը 24 ապրիլին մօտ թուականի մը կազմակերպուած է: Ուշացած եւ անտեղի հարցում մը, որ պէտք էր հրաւէրին ընդառաջելէ առաջ հարցուէր:  Հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ 24 ապրիլի նախագահական տարեկան ուղերձի նախօրեակին կազմակերպուած թրքական հերթական քարոզչական ձեռնարկ մըն էր, որուն հիմնական նպատակը շօշափելի արդիւնքի մը հասնիլը չէր, այլ` հայ-թուրք երկխօսութեան պատրանքը վերակենդանացնելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արգելք հանդիսանալը եւ նախագահ Օպամային «ցեղասպանութիւն» եզրէն խուսափելու պատրուակ մը տրամադրելը: Անիկա թրքական պետական պատուէրի մը արդիւնքն էր:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ կողմէ լոպիական աշխատանք տանելու համար վարձուած «Առնոլտ-Փորթըր» ընկերութեան աշխատատեղիին մէջ: Յիշենք նաեւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու վերջին շրջանին սփիւռքահայութեան հետ կապ հաստատելու մասին յայտարարութիւններ կատարած էր: Ուստի հանդիպումը կազմակերպած «ՀասՆա» կազմակերպութեան վարչական խորհուրդի թուրք անդամ, Ուաշինկթընի Ազգային պատերազմական քոլեճի ակադեմական եւ «Թուտէյզ Զաման»-ի սիւնակագիր Էօմեր Թաշփիընար ի զուր կը պնդէ, որ հանդիպումը թրքական պետութեան հետ կապ չունի:

Այս առումով` այն ինչ որ թրքական «նոր» քաղաքականութիւն կը կոչուի, իրականութեան մէջ սփիւռքահայութիւնը  պառակտելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը արգելակելու թրքական հին քաղաքականութիւնն է: Ատիկա կը նմանի գործածութեան ժամկէտը երկար ժամանակէ ի վեր անցած մգլոտած այն սննդամթերքին, որուն ժամկէտը «վերախմբագրուած» է: Բորբոսած այդ սննդամթերքը դարձեալ հանրութեան կը հրամցուի: Ո՞վ կը փափաքի համտեսել զայն…

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբում. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Իսրայէլ Իրանի Վրայ Չյարձակելու Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած» Կ՛Ըսէ Պարաք

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.