Անցեալ եղանակին Գերմանիոյ ֆութպոլի «հսկայ» Պայերն Միւնիխը բաւական ձախող ելոյթներով աւարտեց տարեշրջան մը, ուր որեւէ տիտղոս չկրցաւ շահիլ: Շատերու համար անիկա պատմութեան ամէնէն սեւ էջերէն մէկն էր, սակայն որքան ալ այդպէս ըլլար, վստահաբար 1991-1992 տարեշրջաին նման չէր, ուր Եուփ Հայնքես սկսած էր եղանակը, ապա փոխարինուած Սէօրեն Լերպիով, ապա Էտիչ Ռիպեքով:
Խումբը գրաւած էր 10-րդ դիրքը. բաժակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանին դուրս մնացած էր Համպուրկ խումբէն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակի Բ. հանգրուանին 6-2 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն Դանիոյ մէջ` Պիլտքլիւպեն 1903 խումբէն:
Այդ տարեշրջանէն ետք փոփոխութիւններ եղան, մօտ 8 մարզիկներ միացան, եւ այլ 8 մարզիկներ «ղրկուեցան» այլ խումբեր: Նոր մարզիկներուն կարգին էին Լոթար Մաթէուս (հին հերոսներէն), Թոմաս Հելմըր, պրազիլցի Ճորճինիօ, Մեհմեթ Շոլ, Մարքուս Շուփ, Տիթըր Ֆրայ եւ Հարալտ Չեռնի, մինչ «ղրկուողներուն» շարքին էին Շթեֆան Էֆենպերկ, Թոմաս Շթրունց, Մանֆրիտ Պենտըր, Պրայըն Լաուտրուփ, Մանֆրետ Շվապըլ, Մարքուս Պապել եւ բերդապահներ Ժերալտ Հիլրինկհաուս եւ Թոնի Շումախըր:
Յեղափոխութիւնը շատ բան փոխեց, եւ խումբը դրուեցաւ ճիշդ գիծին վրայ:
Այժմ մթնոլորտը տարբեր է, բայց Պայերն Միւնիխ տարբեր ձեւի դիմած է:
Նոր միացած մարզիկներ Փալինիա, Օլիս եւ Իթօ համաձայնած են 12 միլիոն եւրոյի (կամ քիչ մը պակաս) խաղալ Պայերնի հետ:
Պայերնի նոր վարչական պատասխանատուներ Մաքս Էպերլ եւ Քրիսթոֆ Ֆրոյնտ հաւանական է, որ «կարգ մը մարզիկներէ» պահանջեն աւելի նուազ վճարումով խաղալ:
Ասիկա 2 բան կը նշանակէ: Կա՛մ Պայերն կ՛ուզէ անուղղակի ձեւով «ղրկել» կարգ մը մարզիկներ, կա՛մ ալ կ՛ուզէ զանոնք աւելի լաւ գինով «ծախել» այլ ակումբներ:
Կան մարզիկներ, որոնք նախկինին նման հաւանաբար տեղ չունենան հիմնական կազմին մէջ, ինչպէս է պարագան Եոշուա Քիմիչին, Լէոն Կորեթցքային, Մաթայս Տը Լիխթին, Սերժ Կնապրիին եւ Քինկզլի Քոմանին:
Հարուստ խումբերու համար շատ լաւ լուր է այս` Պայերնի աստղեր «գնելու», բայց թէ աստիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Պայերն Միւնիխի վրայ, պատասխանը նոր եղանակի ընթացքին կամ աւարտին կրնանք գիտնալ:
Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի, Արսենալ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն այս բոլոր մարզիկներով հետաքրքրած են եւ կրնան օգտուիլ այս առիթէն:


