Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալուզին. «Ուաշինկթընի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Հայաստանի Մասնակցութիւնը Ռուսական Կողմին Մօտ Ծայրայեղ Ափսոսանք Կը Յառաջացնէ»

July 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին Հայաստանի մասնակցութիւնը ռուսական կողմին մօտ «ծայրայեղ» ափսոսանք կը յառաջացնէ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

Անդրադառնալով անվտանգութեան ոլորտին` Կալուզին յիշեցուցած է, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ ՀԱՊԿ-ի անդամ եւ զինուորական ու ռազմական-արհեստագիտական ոլորտներու մէջ բազմաթիւ երկկողմ պայմանագիրներու կողմ կը հանդիսանայ:

«Երեւանի մտահոգութիւնները քննարկելու կառուցողական մօտեցման փոխարէն, այնտեղ, ցաւօք, այլ ուղի ընտրած են», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

«Հայաստանը կը գերադասէ մեծցնել ՕԹԱՆ-ի կամ դաշինքի առանձին անդամներու հետ համագործակցութիւնը, յատկապէս ՕԹԱՆ-ի չափանիշներու ներդրման, զէնքի գնման կամ միացեալ մարտական պատրաստութեան քայլեր իրականացնելու առումով` չհաշուած Ուաշինկթընի մէջ այս ռազմաքաղաքական դաշինքի վեհաժողովին մասնակցիլը, որ կ՛ընթանայ այս օրերուն: Այս ամէնը ծայրայեղ ափսոսանքէն բացի ոչինչ կրնայ յառաջացնել»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին կարծիքով` այդպիսի կշռոյթներով խորացնելով համագործակցութիւնը անոնց հետ, որոնց նպատակը Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութիւնն է, Երեւան իր ձեռքով վտանգի կը դիմէ լրջօրէն ապակայունացնելու Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը, նաեւ ի վնաս սեփական երկիրի անվտանգութեան:

«Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ բանիմաց մասնագէտներն ու քաղաքական գործիչները կը հասկնան նման անխոհեմ քայլերու հաւանական գինը: Իմ կարծիքովս` երկու աթոռի վրայ նստելու փորձերու անիրատեսական բնոյթը, թէկուզ մէկ այլ` տնտեսական ոլորտի մէջ, շատ յստակ արտայայտուած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի կողմէ, երբ Մոսկուայի մէջ «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» համախմբումի ընթացքին ան խօսեցաւ Երեւանի` եւրոպական նկրտումներուն մասին` կապուած ԵԱՏՄ-ի մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն հետ», եզրափակած է Կալուզին:

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Պերպոք Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

Յաջորդը

Պարգեւատրում՝ Մուրատ Փափազեանի

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.