Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2024 Տարուան Նիստ

July 9, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 2024 տարուան նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան բացուած յայտարարեց ժողովը, որմէ ետք ընթացք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ   Շահէ արք. Փանոսեանի «Հայր մեր» եւ «Զգործս» աղօթքներով: Ապա խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, որ նշեց, թէ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող առօրեայ դժուարութիւններուն, Ազգային վարչութիւնը ձեռք-ձեռքի տալով, կրցած է դիմագրաւել զանոնք եւ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ հսկել Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան: Ան նաեւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր խորհուրդի ու յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին, որոնց մանրամասնութիւնները ներկայացուած էին տեղեկագիրին մէջ: Արսլանեան կոչ ուղղեց ազգային երեսփոխաններուն` իրենց աջակցութեամբ, ներկայութեամբ եւ փորձառութեամբ սատար հանդիսանալու աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ ժողովը ներկայացուած զեկուցումներու լոյսին տակ քննեց Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի միամեայ աշխատանքները: Ժողովականները լայն անդրադարձ կատարեցին ազգային վարժարաններու պարզած իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ: Ժողովականները գնահատեցին Ազգային վարչութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու աշխատանքը: Կատարուեցան առաջարկներ` ընկերային բաժանմունքի, «Աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի, քահանայ հայրերու պատուեգինի, ազգային տուրքի սակացոյցի, եւ այլ նիւթերու շուրջ, եւ որդեգրուեցան շարք մը որոշումներ` առաւել եւս բարելաւելու համար տարուած աշխատանքները:

Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:

 

Նախորդը

Ուշացումով Արձագանգ. Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը Արտերկրէն» Հատորը

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Նշում. 50 Տարուան Հարուստ Եւ Հայավայել Պատմութեամբ` Դէպի Նոր Յիսնամեակ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.