Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապագայի Հերոսներուն Իրաւունքները

July 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍԹԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ

Պատանին այն տարիքն է, որ կը դիմագրաւէ որոշ դժուարութիւններ, երբեմն ուրախ, երբեմն` տխուր: Միշտ կ՛ուզէ ինքզինքը փորձել մեծ ներկայացնել, բայց իր մէջ տակաւին մանուկը կ՛ապրի: Ան ունի որոշ պահանջներ եւ իրաւունքներ: Պէտք է ծնողներ, միջավայր եւ բոլորը հասկնան այս տարիքի դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ըստ այնմ վարուին անոնց հետ: Կան պատանիներ, որոնք շատ զրկուած միջավայրի մէջ կ՛ապրին, ունին ընտանեկան դժուարութիւններ, զորս չեն կրնար ամբողջացնել եւ զիրենք կ՛ուղղեն դէպի սխալ քայլեր, շատեր ալ անչահաս տարիքին կրնան թմրամոլութեան ենթարկուիլ եւ մոլութիւններու զոհը դառնալ:

Առողջ եւ զարգացած միջավայրերու մէջ ընդհանրապէս կը յարգուին բոլոր խաւերու պատկանող պատանիներուն իրաւունքները: Կան իրաւունքներ, որոնք առաջնահերթ կը սեպուին, ինչպէս` ընտանիքի ջերմութիւնը եւ միասնականութիւնը, բնակավայրի ապահովութիւնը, սնունդի կարեւորութիւնը, բժիշկի այցելութիւնը եւ վերջապէս` կրթութիւնը: Ամէնէն կարեւոր իրաւունքներէն է նաեւ ինքնութիւնը: Հայ պատանին պէտք է պաշտպանուած ըլլայ թուրք եւ ազերի բռնակալներէն, որոնք դարեր շարունակ կը հալածեն հայ ժողովուրդը եւ կ՛ուզեն բնաջնջել մեզ:

Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, եւ թուրքը կը մնայ վայրագ, ինչպէս 2023 թուականին տեղահանեցին Արցախի ժողովուրդը եւ փորձեցին խլել արցախցիներուն ինքնութիւնը: Արցախի պատանին նաեւ ունի իր իրաւունքները, որոնք  պէտք է պաշտպանուին բոլորիս կողմէ: Ինչպէս աշխարհի բոլոր մանուկները, պատանիները, երիտասարդները եւ ընդհանրապէս ամբողջ մարդկութիւնը, պէտք է ապրի խաղաղ եւ ապահով, մենք, մեր կարգին, որպէս դաշնակցական պատանիներ, պիտի պայքարինք, որպէսզի վերահաստատենք Արցախի մեր եղբայրներուն կեանքի ապահովութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան ապրիլ խաղաղ երկինքի տակ: Իւրաքանչիւր պատանի պէտք է պաշտպանուած ըլլայ բռնութիւններէ եւ ամէն տեսակի շահագործումներէ, պէտք է ունենայ արտայայտուելու ազատութիւն, նաեւ ապրի ուրախ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ` ամէն տեսակի դժուարութիւններէն հեռու:

Ամէն մարդ կամայ թէ ակամայ պիտի անցնի այս պատանեկան տարիքէն, եւ եթէ անձ մը, իր պատանեկան տարիքին առողջ միջավայրի մէջ աճած ըլլայ, ֆիզիքապէս եւ մտովին ինքնաբերաբար կը դառնայ հասուն երիտասարդ եւ կը դառնայ մեր ապագայի թէ՛ կուսակցական, թէ՛ պետական եւ թէ՛ կրթական տիպար ղեկավար եւ իտէալական պատասխանատու:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Պատմական Իրաւունքն Է Ունենալ Հայրենիք

Յաջորդը

Ապահովե՛նք Պատանիներուն Իրաւունքները

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.