Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարգացման Եւ Խաղաղութեան Գրաւը

July 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱԼԻ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Պատանիներուն իրաւունքներուն մէջ կը ներառուի սնունդի, առողջապահութեան եւ կրթութեան հասանելիութիւնը: Կրթութիւնը, գիտելիքները եւ հմտութիւնները էական են աղքատութենէն դուրս գալու եւ լիարժէք կեանք մը վարելու համար:

Անոնք ունին իրաւունքը պաշտպանուած ըլլալու բոլոր վտանգներէն: Իրաւունք ունին զարգանալու` առանց վախի կամ շահագործման:

Պատանիներուն իրաւունքն է իրենց անձնական ձայնը ունենալ: Պէտք է նկատի առնուին պատանիներուն տեսակէտները ընտանեկան, դպրոցական եւ հասարակական որոշումներուն մէջ: Այս հնարաւորութիւն կու տայ ուժեղացնելու պատանիներուն ինքնավարութիւնը եւ կ՛օգնէ, որ անոնք դառնան պատասխանատու քաղաքացիներ:

Պատանիները պէտք է յարգուին եւ ունենան հնարաւորութիւն աճելու անվտանգ եւ սիրառատ միջավայրի մը մէջ: Այս իրաւունքները կարեւոր են ստեղծելու համար արդար եւ համերաշխ աշխարհ մը, որովհետեւ երեխայի մը միջավայրը մեծ ասդեցութիւն ունի անոր ապագայ կեանքին վրայ:

Նշեալ բոլոր իրաւունքներէն ոչ մէկը կը համապատասխանէ Արցախի պատանիներուն, որոնք ակամայ տեղահանուեցան իրենց ծննդավայրէն, ո՛չ պաշտպանուեցան, ո՛չ շարունակեցին իրենց սովորական կեանքը, ուսումը, զուարճութիւնը եւ զրկուեցան հանգիստ ու անհոգ կեանքէն:

Մեր ազգի պատանիները նման չեն օտար երկիրներու պատանիներու: Անոնց մտահոգութիւնները կեդրոնացած են անիմաստ հարցերու վրայ, մինչդեռ մենք հասունցած ենք միջավայրի մը մէջ, ուր մեր մէջ դրոշմուած են` հայրենասիրութիւնը, պահանջատիրութիւնը, հայրենիքի կարօտը ու Հայաստանի կրած դժուարութիւններուն մտահոգութիւնը:

Այս գրութիւնը կը միտի նկատի առնել  հայ պատանիին իրաւունքները: Անոնք կարեւոր են արդար եւ համերաշխ կեանք մը ստեղծելու համար: Ամէն մէկ պատանիի իրաւունքները պաշտպանելով` կը հիմնենք ապագայ մը, ուր բոլոր անհատները կրնան ծաղկիլ եւ դրական ներդրում ունենալ աշխարհի չորս կողմը: Հետեւաբար, պատանիին  իրաւունքները պաշտպանելը ո՛չ միայն բարոյական պարտականութիւն է, այլեւ գործնական անհրաժեշտութիւն` կայուն զարգացման եւ խաղաղութեան համար:

 

 

 

Նախորդը

Պահպանենք Արցախի Պատանիներուն Իրաւուքները

Յաջորդը

Մեր Պատմական Իրաւունքն Է Ունենալ Հայրենիք

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.