Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Վրաստան Հասաւ Բ. Հանգրուան

June 28, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր վերջ գտան Եուրօ 2024-ի Ա. հանգրուանի խմբակներու մրցումները, որոնց աւարտին յստակացան վաղը սկսելիք Բ. հանգրուանի 16 մասնակից խումբերը:

Անակնկալ էր Վրաստանի հասնիլը Բ. հանգրուան, մանաւանդ որ ան առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր միջազգային բարձր մակարդակի մրցաշարքի: Վրաստան իր վերջին մրցումին պարտութեան մատնեց Փորթուգալը 2-0 արդիւնքով, մրցումի մը, որուն ընթացքին Վրաստան բոլորվին տարբեր վիճակ ունէր բաղդատմամբ նախկին իր երկու մրցումներուն` Թուրքիոյ եւ Չեխիոյ դէմ:

Ֆրանսացի Ուիլի Սանիշի խումբը իր առաջին երկու մրցումներուն ֆինիշինկի հարց ունէր եւ մրցակիցի բերդին առջեւ առիթներ չէր կրնար օգտագործել: Սակայն Փորթուգալի դէմ ճիշդ հակառակը պատահեցաւ: Փորթուգալ, որ իր նախկին 2 մրցումներէն միայն դաշտ ներկայացուցած էր Ռոնալտոն եւ բերդապահ Տիոկօ Քոսթան, Վրաստանի բերդին առջեւ շատ առիթներ ստեղծեց, բայց կոլի չկրցաւ վերածել որեւէ առիթ:

Վրաստան 90 վայրկեաններու ընթացքին 7 անգամ վտանգեց Փորթուգալի բերդը` 3 անգամ հարուածելով բերդին ուղղութեամբ, նշանակեց 2 կոլեր, մինչ Փորթուգալ 23 անգամ վտանգեց Վրաստանի բերդը` 5 անգամ հարուածելով բերդին ուղղութեամբ, առանց կոլ նշանակելու:

Վրաստանի կոլերը նշանակեցին Քվիչա Քվարացխելիա (2-րդ վայրկեանին) եւ Ժորժ Միքաութածէ (57-րդ վայրկեանին, փենալթիով): Նշենք, որ Ա. հանգրուանի աւարտին, Միքաութածէ 3 կոլերով կը գրաւէ կոլսքորըրներու պարագլուխի դիրքը:

Այս մրցումին պահուն տեղի կ՛ունենար հետաքրքրական ուրիշ ճակատում մը Համպուրկի մէջ, ուր Չեխիա կը մրցէր Թուրքիոյ դէմ:

Չեխիա բաւական լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ քանի մը առիթով կոլ նշանակելու բախտ ունեցաւ, բայց ֆինիշինկի հարց կար: 11-րդ վայրկեանին դեղին քարտ ստանալէ ետք, Անթոնին Պարաք 20-րդ վայրկեանին իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով վտարուեցաւ դաշտէն:

Սակայն Ռումանացի իրաւարարը թուրք մարզիկ Էօզքանը նոյն ձեւով չպատժեց, երբ դեղին քարտ ունենալով հանդերձ, գլխու հարուած մը տուած ատեն արմուկով մրցակիցի մը հարուածեց:

Յամենայն դէպս, Բ. կիսախաղին Թուրքիա կոլ մը նշանակեց` շնորհիւ Չալհանօղլուի, սակայն Չեխիա հակառակ 1 մարզիկ պակաս ունենալուն պայքարեցաւ մինչեւ 66-րդ վայրկեան, երբ Ուեսթ Համի միջնապահ Թոմաս Սուչեք ռմբային հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Այս կոլը մթնոլորտը աւելի «տաքցուց», եւ 82-րդ վայրկեանին Չեխիա նշանակեց կոլ մը, որ սակայն նկատի չառնուեցաւ ֆաուլի մը պատճառաբանութեամբ:

10 մարզիկներով Չեխիա կը յարձակէր տակաւին, եւ վիճակը կը նմանէր Վրաստան – Թուրքիա մրցումին, որուն ընթացքին վրացի մարզիկները կը ճնշէին հաւասարութեան կոլին համար, մինչ այս պարագային Չեխիա կը ճնշէր 2-րդ կոլին համար, սակայն Թուրքիա 94-րդ վայրկեանին հակայարձակումի մը ընթացքին նշանակեց կոլ մը, որ դուրս ձգեց Չեխիան: Մրցումի աւարտին իրարանցում տեղի ունեցաւ, եւ մարզիկներ կարմիր եւ դեղին քարտեր ստացան ոչ մարզավայել կեցուածքի համար:

Այս մրցումներէն քիչ մը առաջ տեղի ունեցած էին Ե. խմբակի վերջին մրցումները, ուր Ռումանիա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Սլովաքիոյ հետ, իսկ Պելճիքա ճերմակ հաւասարութիւն` Ուքրանիոյ հետ:

Այս զարմանալի խմբակին մէջ բոլոր խումբերն ալ 4-ական կէտերով աւարտեցին իրենց մրցումները` յաղթանակ, հաւասարութիւն եւ պարտութիւն ձեռք բերելով:

Ռումանիա գրաւեց պարագլուխի դիրքը, որովհետեւ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր (Ուքրանիոյ), Պելճիքա` 2-րդ դիրքը, որովհետեւ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր (Ռումանիոյ), մինչ Սլովաքիա` 3-րդ դիրքը, 1-0 արդիւնքով յաղթած ըլլալով (Պելճիքայի): Ուքրանիա դուրս մնաց` ամէնէն տկար կոլ-էվըրէյճը ունենալուն պատճառով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Բ. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

Վաղը` ժամը 7:00-ին, Զուիցերիա – Իտալիա
ժամը 10:00-ին, Գերմանիա – Դանիա

Կիրակի օր` ժամը 7:00-ին, Անգլիա – Սլովաքիա
Ժամը 10:00-ին, Սպանիա – Վրաստան

Երկուշաբթի օր` ժամը 7:00-ին, Ֆրանսա – Պելճիքա
Ժամը 10:00-ին, Փորթուգալ – Սլովենիա

Երեքշաբթի` ժամը 7:00-ին, Ռումանիա – Նետերլանտներ
Ժամը 10:00-ին, Աւստրիա – Թուրքիա

 

Նախորդը

Տիգրան Բարսեղեան Տուպլէ Իրագործեց

Յաջորդը

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Յառաջիկայ Կիրակի` «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.