Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայութեան Պահանջատիրութեան Նոր Մարտահրաւէրներուն Մասին Օգտաշատ Կլոր Սեղան

April 14, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, երէկ` ուրբաթ, 13 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Էհրամճեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, որուն նիւթն էր պահանջատիրութեան մէջ ընտանիքի, դպրոցի, ակումբի եւ մամուլի ունեցած դերակատարութիւնը:

Լսարանի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան զրուցավար տոքթ. Յովիկ Առաքելեան, որ նշեց, թէ հայութեան պահանջատիրութեան մէջ արձանագրուած են նուաճումներ, ձեռքբերումներ եւ դժբախտաբար նաեւ հիասթափութիւններ: Ան ըսաւ, որ հայութիւնը պահանջատիրութեան ջահը կրցած է փոխանցել նորահաս սերունդին: Տոքթ. Յովիկ Առաքելեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է բծախնդիր աշխատանքով բազմապատկել հայութեան ուժերը` յաւելեալ յաջողութիւններ արձանագրելու համար:

Ապա Առաքելեան բեմ հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերները: Առաջին զեկուցումը ներկայացուց Մակի Հալլաճեան, որ ներկայացուց պահանջատիրութեան մէջ ընտանիքին դերը: Ան հաստատեց, որ ընտանիքը հիմքն է կրթութեան եւ դաստիարակութեան:  Հալլաճեան ըսաւ, որ զաւկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը պատկանի ծնողքին, որ պէտք է սորվեցնէ  յարգանք եւ ազգային պատկանելիութեան զգացում:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր Անժել Միսիսեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտութեան մօտ պէտք է արթնցնել ինքնագիտակցութիւնն ու հայկական պատկանելիութեան ազգային հպարտութիւնը: Միսիսեան շեշտեց, որ նախաձեռնութեան ոգին սերունդի կազմաւորման մէջ կարեւոր է, եւ այս ծիրին մէջ կրթական պատասխանատուները իրենց պարտականութիւնը ունին:

Հայկական ակումբներուն դերին մասին խօսեցաւ Օհան Պոտրումեան, որ յայտնեց, թէ ակումբները անցեալին կերտած են հայ նկարագիրն ու հայ մարդը, ստեղծած են ջերմ մթնոլորտ: Պոտրումեան նշեց, որ այսօր աւելի քան երբեք ակումբներն ու կազմակերպութիւնները նոր միջոցներ որոնելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուին: Ան աւելցուց, որ հատուցման հանգրուանին մէջ պէտք է դիմել գործնական եւ արդիւնաւէտ միջոցներու, որպէսզի հայութեան հարցը ստանայ արդար լուծում:

Կլոր սեղանի վերջին եւ չորրորդ զեկուցաբերն էր Անի Թորանեան, որ ներկայացուց «Պահանջատիրութիւն եւ հայ մամուլ» նիւթը: Ան շեշտեց, թէ հայերը պահանջատիրութեան մէջ միակամ են եւ համակարծիք, ինչ որ առաւել եւս կը նպաստէ տարուած աշխատանքներուն արդիւնաւորման: Թորանեան ըսաւ, որ հայ քաղաքական մտքի եւ իրադրութիւններու ներկայացման մէջ հայ մամուլը խօսափողն է եւ համակարգողը,  եւ այս օրերուն առաւել եւս մամուլին դերը կարեւոր է, իսկ գործը` դժուար:

Աւարտին, խօսք առաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ շեշտեց, թէ պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ առաջնորդուիլ լաւատեսութեամբ, քանի որ այսօր հայութիւնը ոսկեդարի մէջ է:  Զեկուցաբերներուն եւ զրուցավարին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Մարտիրոսեան յոյս յայտնեց, որ յաջորդ սերունդը շարունակէ աշխատանքը եւ հայութիւնը հասնի իր գերագոյն նպատակին:

Աւարտին, հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նանօր Մաճարեան (դաշնակ) եւ Նժդեհ Պոտրումեան (երգ), ինչպէս նաեւ Թուխիկ Աւետիսեան (ասմունք):

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Երկրորդ Մրցումը

Յաջորդը

Անան Դամասկոսի Կոչ Կ՛Ուղղէ Մարդասիրական Միջանցքներ Բանալու

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.