Հայ օգնութեան միութեան ութերորդ միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութեամբ աւարտեցաւ, եւ բոլոր մասնակիցները գոհ ու լիցքաւորուած, ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններով վերադարձան իրենց բնակած երկիրները:
17-29 ապրիլ տեւած պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի 230 անդամներ եւ համակիրներ, որոնք եկած էին տարբեր երկիրներէ: Նաւապտոյտը կ՛ընդգրկէր երեք օր Արժանթին եւ երկու օր ալ Պրազիլի մէջ ցամաքային պտոյտներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները ապրեցան հաճելի պահեր: Պուէնոս Այրեսի մէջ մատուցուեցաւ յատուկ սուրբ պատարագ` նաւապտոյտին մասնակիցներուն ներկայութեամբ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Իսկ ՀՕՄ-ի Արժանթինի անդամները ճաշկերոյթ մը կազմակերպեցին տեղւոյն հայկական ակումբին մէջ: Այս առիթով ներկաները մեծ խանդավառութեամբ լսեցին երգիչ էլի Պէրպէրեանը, որ իր նուագախումբին նուագակցութեամբ անմոռանալի պահեր ստեղծեց ներկաներուն համար:
20 ապրիլին մասնակիցները բարձրացան նաւ, որ եօթնօրեայ պտոյտին ընթացքին կանգ առաւ Ուրուկուէյի Մոնթէվիտիօ քաղաքը, ուր ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի անդամները կազմակերպեցին տեսարժան վայրերու պտոյտ մը, որուն ծիրին մէջ այցելութիւն մը տրուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին: Ապա ընկերուհիները կազմակերպեցին ջերմ ընդունելութիւն մը:
Պէտք է նշել, որ երգիչ Էլի Պէրպէրեան իր նուագախումբով մասնակցեցաւ նաւապտոյտին եւ նաւուն մէջ խրախճանքներու ընթացքին մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել 24 ապրիլի երեկոյեան կազմակերպուած հայրենասիրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին նաւապտոյտին մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
23 ապրիլը եղաւ իւրայատուկ օր մը նաւապտոյտին մասնակիցներուն համար, որովհետեւ մեծ յաջողութեամբ նշուեցաւ ՀՕՄ-ի օրը, որուն ընթացքին փաուըր փոյնթով ներկայացուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան անցնող երկու տարիներու աշխատանքը: Անոր յաջորդեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Յաջորդ օրը նաւապտոյտին մասնակիցները յաջորդաբար այցելեցին Պրազիլի Պազիոս, Իլ Հապէլա, Սանթոս եւ Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաքները` վայելելով Պրազիլի տեսարժան վայրերը:
ՀՕՄ-ի 2024-ի միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Մասնակիցները հաճելին օգտակարին միացնելով` ամբողջացուցին ծրագիրը եւ իրարմէ բաժնուեցան դարձեալ հանդիպելու խոստումներով: Այս նաւապտոյտին յաջողութեան մեծապէս նպաստեց նաւապտոյտի յանձնախումբին ժրաջան աշխատանքը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողութեամբ պսակել ծրագիրը:
ՀՕՄ-ի նաւապտոյտը միութեանս դրամահաւաքի կարեւորագոյն աղբիւրներէն մէկն է, որուն հասոյթով կարելի կ՛ըլլայ շարունակել մեր մարդասիրական առաքելութիւնն ու իրականացնել կրթական, առողջապահական եւ խնամատարական ծրագիրները:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


