Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. 1 Սենթի Դրոշմաթուղթը Կրնայ Միլիոններ Արժել

June 15, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Շատ հին դրոշմաթուղթի մը համար միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելը արտառոց կրնայ թուիլ: Սակայն 1868-ի Պենճըմին Ֆրանքլին Զի Կրել դրոշմաթուղթը սովորական դրոշմաթուղթ մը չէ: Անիկա այդ դրոշմաթուղթէն մեզի ծանօթ տակաւին գոյութիւն ունեցող երկու դրոշմաթուղթերէն մէկն է: Այս դրոշմաթուղթերէն մէկը մաս կը կազմէ Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին հաւաքածոյին, իսկ երկրորդը կը պատկանի Պիլ Կրոսի անձնական հաւաքածոյին, եւ մեր ժամանակացոյցով այս շաբաթ առտու իսկ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ան աճուրդի պիտի դրուի (14 յունիսին):

Նիւ Եորքի մէջ Ռոպըրթ Սիկըլ աճուրդի տան մասնագէտները կ՛արժեւորեն, թէ դրոշմաթուղթը կրնայ ծախուիլ չորսէն հինգ միլիոն տոլարի: Եթէ ան ծախուի այդ գինով պիտի կտրէ Միացեալ Նահանգներու մրցանիշը, որ ներկայիս կը պատկանի «ինվըրթըտ Ճենի» դրոշմաթուղթին: Այս դրոշմաթուղթը 2 միլիոն տոլարի ծախուեցաւ նոյեմբեր 2023-ին: Սակայն աշխարհի ամէնէն սուղ դրոշմաթուղթի մրցանիշը կը պատկանի Պրիթիշ Կինէա ուան-սենթ մաճենթա դրոշմաթուղթին, որ 2021-ին ծախուեցաւ 8,3 միլիոն տոլարի:

* * *

Այս «Զի Կրիլ» դրոշմաթուղթին իւրայատկութիւնը յառաջացած է թուղթին վրայ սեղմուած ուաֆֆըլի ձեւով նաշխին: Այս իւրայատուկ գիծը ունի իր հետաքրքրական պատմութիւն մը: 1868-ին, ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմէն անմիջապէս ետք, ամերիկեան նամակատունը մտահոգիչ վիճակի մէջ կը գտնուէր, որովհետեւ մարդիկ կը մաքրէին եւ դարձեալ կը գործածէին չեղեալ նկատուած դրոշմաթուղթեր:

Վնասներ չարձանագրելու համար նամակատունի պատասխանատուները սկսան գործածել «կրիլլինկի» նոր միջոց մը` դրոշմաթուղթերու տպագրութեան ընթացքին: Դրոշմաթուղթերու շրջանակը կտրուած էր փոքրիկ ակռաներու նման: Այս ձեւով դրոշմաթուղթի վրայ գործածութեան ընթացքին տպուած թուականին մելանը կը մտնէր այդ «ակռաներուն» մէջ, եւ ապա դժուար կ՛ըլլար այդ մելանը ամբողջովին մաքրել` դրոշմաթուղթը դարձեալ գործածելու համար: Այս «կրիլլինկի» միջոցը գործածուեցաւ մինչեւ 1870-ական թուականները Պենճըմին Ֆրանքլինի պատկերով այս դրոշմաթուղթը այդ շարքին համար տպուած բազմաթիւ պատկերներէն մէկն էր: Սակայն անիկա գործածուեցաւ միայն քանի մը շաբաթ եւ հազուադէպօրէն` մէկ սենթ արժող դրոշմաթուղթերու վրայ:

* * *

Յունիս 14-ի աճուրդին պիտի ծախուի բազմաթիւ հազուագիւտ դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյ մը` կազմուած մօտաւորապէս 100 դրոշմաթուղթերէ, որոնք կրնան ծախուիլ 15-20 միլիոն տոլարի միջեւ: Սակայն «Զի Կրիլ» դրոշմաթուղթը կը մնայ «հանդէսին աստղը»:

Նոր Դրոշմաթուղթ Մը,
Որ Ֆրանսական Հացին Հոտը Ունի

Ֆրանսական նամակատունը նոր դրոշմաթուղթ մը շուկայ իջեցուց. անոր արժէքը` 1 եւրօ եւ 96 սանթիմ: Անոր վրայ կարելի է տեսնել ֆրանսական պակեթ հացը, որուն վրայ անցուած են կապոյտ, ճերմակ եւ կարմիր գոյներով ժապաւէն մը, անոնք Ֆրանսայի դրօշակին գոյներն են: Սակայն այս դրոշմաթուղթը իւրայատուկ է. անիկա հացի հոտ ունի:

Այս դրոշմաթուղթը հրատարակելուն նպատակն է Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն համար Ֆրանսա ժամանող զբօսաշրջիկներուն հաճելի թուիլ եւ զանոնք քաջալերել` դէպի իրենց երկիրները քարտեր կամ նամակներ ղրկելու:

Հարցարան

1) Քանի՞ օրէն արեւուն շուրջ կը դառնայ Հրատ մոլորակը:
ա – 154, բ – 365, գ – 687, դ – 973:

2) Ի՞նչ կ՛ուտեն մեղուները` մեղր շինելու համար:
ա – Բեղմնափոշի, բ – նեկտար, գ – ծաղիկ, դ – խոտեր:

3) Քանի՞ շնչառութիւն կը կատարէ մարդ արարածը, միջին հաշուով, օրուան մը ընթացքին:
ա – 100-500, բ – 17.000-23.000, գ – 24.000-68.000, դ – 103.000-230.000:

4) Ի՞նչ գոյն ունի ընձուղտին լեզուն:
ա – Մանիշակագոյն, բ – կարմիր, գ – վարդագոյն, դ – կապոյտ:

5) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն արագ անասունը:
ա – Փիղը, բ – նապաստակը, գ – ընձառիւծը, դ – չիթան:

6) Քանի՞ ակռայ ունի չափահաս մարդ արարածը:
ա – 27, բ – 29, գ – 31, դ – 32:

7) Ո՞րն է ցամաքի վրայ մեզի ծանօթ ամէնէն մեծ անասունը:
ա – Ընձուղտը, բ – ափրիկեան փիղը,  գ – կորիլլան, դ –  ռնգեղջիւրը:

8) Ո՞ւր կ՛ապրի ամէնէն թունաւոր սարդը:
ա – Ափրիկէ, բ – Հարաւային Ամերիկա, գ – Աւստրալիա, դ – Ասիա:

9) Քանի՞ ամիս կայ մէկ դարու մը մէջ:
ա – 900, բ – 1200, գ – 1800, դ – 2000:

10) Ելեկտրական գնացք մը կը ճամբորդէ արեւելքէն արեւմուտք: Ո՞ր ուղղութեամբ կ՛երթայ անոր ծուխը:

11) Իմ ձուկերու անօթիս մէջ կան 10 արեւադարձային ձուկեր, եւ անոնցմէ 2-ը խեղդուեցաւ: Քանի՞ ձուկ կը մնայ անօթիս մէջ:

12) Էվերեսթի գագաթը գտնուելէն առաջ, ո՞ր լեռը աշխարհի ամէնէն բարձր լեռն էր:

13) Եթէ Մարիան Կարինէէն աւելի ցած ձայնով կը խօսի, իսկ Ալինը Կարինէէն աւելի բարձր ձայնով կը խօսի, Մարիան Ալինէն աւելի բա՞րձր, թէ՞ աւելի ցած ձայնով կը խօսի:

14) Փոքրիկ թաղամասի մը մէջ, կան չորս տուներ: Տէր Յարութիւնեանները կ՛ապրին Տէր Պարտէզեաններուն քովը, բայց ո՛չ Տէր Գետեաններուն քով: Եթէ Տէր Գետեանները Մարկոսեաններուն քովը չեն բնակիր… որո՞նք են Մարկոսեաններուն կից դրացիները:

15) Արային եւ Վարդանին ապրած թաղին մէջ կան 100 տուներ: Արային տան թիւը Վարդանին տան թիւին հակառակն է: Երկու թիւերուն տարբերութիւնը 2-ով կը վերջանայ: Կրնա՞ս գտնել տուներուն թիւերը:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած
առարկաները:

Պատասխաններ

1) 687 օր: 2) Նեկտար: 3) 17.000-23.000: 4) Մանիշակագոյն: 5) Չիթա: 6) 32: 7) Ափրիկեան փիղը: 8) Աւստրալիա: 9) 1200: 10) Ուղղութիւն չկայ, ելեկտրական շոգեկառքերը ծուխ չեն հաներ: 11) 10, ձուկերը չեն խեղդուիր: 12) Նոյնիսկ եթէ մարդիկ զայն չէին գտած, Էվերեսթը միշտ աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթը կը մնայ: 13) Ըստ տրամաբանութեան, Մարիան Ալինէն աւելի ցած ձայնով կը խօսի: 14) Տէր Յարութիւնեանները: 15) 19 եւ 91:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Մահակ, Թրքական Մղձաւանջ ու Հայկական Սպասում

Յաջորդը

Յիսուսի Կենդանարար Մարմնոյ Հանդիսաւոր Թափօրով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը Օրհնեց Պուրճ Համուտը

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.