Լեհ թենիսվումըն Իկա Շվիանթեք շաբաթավերջին շահեցաւ իր ասպարէզի 4-րդ Ռոլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքը` պարտութեան մատնելէ ետք, մրցաշարքի անակնկալ մարզիկներէն իտալացի Ճասմին Փաուլինին` 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով:
«Կատարեալ» Շվիանթեք մրցումէն ետք յայտնեց, թէ շատ մեծ ճնշումի տակ կը գտնուէր, որովհետեւ ամէն ինչ կ՛ուզէր կատարեալ ըլլայ, ինքն իր վրայ ալ ճնշում բանեցնելով, եւ կրցած էր յաղթել բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն:
Վերջին 3 տարիներու Ռոլան Կարոսի ախոյեան 23 տարեկան լեհ մարզիկը բազմաթիւ մասնագէտներու կողմէ կը նկատուի հողով ծածկուած դաշտերու «թագուհին», որովհետեւ ան գրեթէ անպարտելի է:
Ան միայն 1 սեթ կորսնցուց մրցաշարքի ամբողջ տեւողութեան, այդ ալ Բ. հանգրուանին` Նաոմի Օսաքայի դէմ, ուր ստիպուեցաւ եւ յաջողեցաւ մեչ-փոյնթ մըն ալ զսպել: Ան շուտով մոռցաւ այդ մրցումը եւ շատ հանգիստ շարունակեց մրցաշարքը` յաջորդ մրցումին 4 վայրկեաններու ընթաքին դուրս ձգելով Անասթազիա Փոթափովան (6-0, 6-0):
«Զգացական յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ բաւոական ճնշում զգացի երէկ եւ այսօր առաւօտ: Գիտէի, որ եթէ միայն թենիսի վրայ կեդրոնանամ, կրնամ ձեւով մը յաղթել եւ դուրս գալ այդ ճնշումէն, եւ ի վերջոյ ամէն ինչ ուզածիս պէս ընթացաւ: Եւ ինձմով հպարտ եւ ուրախ եմ: Ես կատարելապաշտ անձ մըն եմ («Փըրֆեքշընիսթ»), եւ բնական է, որ ճնշումի տակ ըլլամ: Ես շատ լաւ կրնամ դիմագրաւել իմ անձնական ճնշումներս: Երբ դուրսէն ճնշում կ՛ըլլայ վրաս, քիչ մը կը ծանրանայ, բայց ատոր լաւապէս դիմադրեցի այս մրցաշարքին: Ինչ որ ընեմ, կ՛ուզեմ 100 տոկոսով լաւը ընել: Կարծեմ, երբ կ՛ուզես կատարեալ ըլլալ, պէտք է ամէն ինչի մէջ կատարեալ ըլլաս: Երբեմն խրթին կ՛ըլլայ ասիկա, որովհետեւ կա՛մ կ՛օգնէ աւելի լաւ ըլլալ, կա՛մ ալ յաւելեալ բեռ կրնայ ըլլալ», ըսաւ Շվիանթեք:


