Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննախընթաց Եւ Օրինակելի Նախաձեռնութեամբ Յասմիկ Պապեան – Յարութ Ֆազլեան Զոյգը Հմայեց Լիբանանահայ Արուեստասէր Ընտրանին

April 13, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահը երէկ ականատես եղաւ պատմական յիշատակելի ձեռնարկի մը իրագործման: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ու նախաձեռնութեամբ Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ու ՀԲԸՄ-ի մշակութային յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ մշակութային յատուկ ձեռնարկ մը` կատարողութեամբ միջազգային հանրածանօթ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի եւ լիբանանահայ վաստակաւոր խմբավար մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի:

Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու հովանաւորութիւնը վայելած այս ձեռնարկին սկզբնաւորութեան, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի բեմ ժամանումն ու ծափերու ողջոյնի տարափին տակ անոր թեթեւ խոնարհումը կը յիշեցնէր, թէ «սկսած է» առանց բացման խօսքի ու առանց քայլերգի մեկնարկած այս ձեռնարկը: Տասը վայրկեանի դադարի մը ընդմիջումով, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ Պապեան-Ֆազլեան զոյգը, ընկերակցութեամբ լիբանանեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբին (օրքեստրային) հմայեց լիբանանահայ եւ լիբանանցի արուեստասէր հանրութիւնը: Մթնոլորտը խիստ տպաւորիչ էր. հոն էին բոլորը, երեսփոխանը, նախարարը, դեսպանը, ակադեմականը, կրթական մշակը, հոգեւորականը, ազգային հասարակական գործիչը եւ միութենական ներկայացուցիչը: Այլ խօսքերով` լիբանանահայ արուեստասէր ընտրանին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու սկզբնաւորման սեմին, ապրիլեան մթնոլորտին ազգային, այլ` համազգայի՛ն շունչ ու աւիշ ներարկող ոգեւորիչ տեսարան մը պարզուած էր երէկ երեկոյ, եւ այս` ի պատիւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ու ՀԲԸՄ-ի մշակութային յանձնախումբի միատեղ գործակցութեան:

Միջազգային զանազան մրցանակներու արժանացած սոփրանօ Յասմիկ Պապեան, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ ներկաները իր զգլխիչ ձայնով փոխադրեց դասական երաժշտութեան տիտաններու` Արամ Խաչատուրեանի, Կոմիտասի, Առնօ Պապաճանեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Վինչենսօ Պելինիի, Սիլիայի, Վերտիի, եւ այլոց աշխարհը… հմայելով ներկաները, որոնց քար լռութիւնը կը խզուէր միայն Պապեանի ու Ֆազլեանի բեմ ժամանումի ծախողջոյններով: Յուզիչ էր յատկապէս Յասմիկ Պապեանի մեներգած «Օրօր»-ը, որ հայ մայրերուն ողջոյնի լար մըն էր, յուզիչ լար մը, որ կը յիշեցնէր հայոց պապենական օրհնուած տունը, ուր անպակաս կ՛ըլլար հայ մօր մրմնջած ու իր բալիկին ուղղուած օրհնութեան այդ խօսքը:

Իրենց հրաշալի երաժշտական կատարողութեամբ Պապեան ու Ֆազլեան եկան աւելնալու հայ ժողովուրդի «պատուոյ դեսպան»-ներու ցանկին: Ո՞վ կ՛ըսէ, թէ միայն պետութիւններն են, որոնք դեսպան կրնան նշանակել: Մարդուս ստեղծագործ ներաշխարհը ցոլացնող, անոր գլուխ-գործոց իրագործումներն են, որոնք զինք կը դասեն ինքնակոչ, բայց «պատուոյ դեսպան»-ներու շարքին:

Համաշխարհային վարկ վայելող սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի երաժշտական նուաճումներու 25-ամեակը չէր վրիպած պատկան մարմիններու ուշադրութենէն: Բազմիցս մրցանակներու, շքանշաններու եւ գնահատական խօսքերու թէ օրհնագիրի արժանացած այս արուեստագիտուհին անգամ մը եւս կը մեծարուէր` մայեսթրօ Ֆազլեանի եւ լիբանանեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողքին: Արդարեւ, յատուկ այս առիթով, շնորհաւորական, ողջոյնի խօսքեր ու գիրեր յղած էին լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, որ հպարտ կը զգար ու իր եւ համայն լիբանանցիներուն անունով իր երախտիքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէր, որ Պապեան ելոյթ կ՛ունենար լիբանանեան բեմէն: Նմանապէս, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան յատուկ ողջոյնի գիրերով կը շնորհաւորէին արուեստագիտուհին: Այս բոլորը կը պսակադրուէր Կոմիտաս արք. Օհանեանի ընթերցած Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով, որով վեհափառը 2004-ին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի տուչութենէն ետք անգամ մը եւս կ՛ողջունէր հայազգի այս եզակի արուեստագիտուհին:

Աւարտին ՀԲԸՄ-ի անունով Արմէն Իւրնէշլեան, իսկ Համազգայինի անունով Սիլվա Քիւրքճեան շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն, արուեստագէտներուն եւ յատկապէս օրուան հովանաւոր Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեան ամոլին: Քիւրքճեան այս առիթով ընթերցեց Հայաստանի մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարներու ողջոյնի խօսքերը` միաժամանակ անգլերէնով փոխանցելով իր փակման խօսքը:

Կը մնայ մաղթել, որ Համազգային – ՀԲԸՄ համահայկական այս աննախընթաց եւ օրինակելի նախաձեռնութիւնը կրկնուի:

ՍԻԼՎԱ Գ.

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Գնահատէ 25-Ամեայ Վաստակը Երգչուհի Յասմիկ Պապեանին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Մարդկային Իրաւունքներու Բռնաբարումը Կիպրոսի Թուրքիոյ Կողմէ Գրաւուած Բաժինին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.