«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի աւարտականի երկու խումբերն ալ յստակացան, երբ երէկ Տալաս Մեւրիքս 5-րդ ճակատումին կրցաւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել Մինեսոթայի վրայ` 124-103 արդիւնքով, եւ հասնիլ աւարտական, մրցելու Արեւելեան շրջանի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսի դէմ:
Լուքա Տոնչիչ եւ Քայրի Ըրվինկ զոյգը 72 կէտ նշանակեցին ի նպաստ Տալասի, որ պահ մը 36 կէտի առաւելութիւն մը ունէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն պաշտպանող խումբերէն Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի վրայ:
Տոնչիչ իր 36 կէտերուն 20-ը նշանակեց առաջին մասին, որուն ընթացքին Տալաս նշանակեց 35 կէտ:
Քայրի Ըրվինկ, որ իր կարգին 36 կէտ նշանակեց, կիսախաղին 29 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգած էր Մինեսոթայի դաշտին վրայ` նշանակելով 61 առ հարիւր համեմատութեամբ:
«Ամէնէն ինքնավստահ վիճակիս մէջ կը գտնուէի երէկ գիշեր անկողին չմտած եւ նոյն զգացումը ունէի այս առաւօտ, երբ կը տաքնայի գնդակ հարուածելով: Պարզապէս կը զգայի, որ մեր լաւագոյն մրցումներէն մէկը պիտի կատարենք», ըսաւ «Քայ» Ըրվինկ:
Տալաս, որ Արեւմտեան շրջանի 5-րդ դասուած խումբն է, ամբողջ շաբաթ մը ունի հանգստանալու, մինչեւ Պոսթընի մէջ առաջին ճակատումը: Տալաս 2011-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի աւարտական` շահելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը, երբ այժմու մարզիչ Ճէյսըն Քիտ մարզիկ էր: Սելթիքս 10 օր հանգստացած կ՛ըլլայ մինչեւ աւարտական:
Տոնչիչ առաջին մասին իր առաջին 4 փորձերը կրցաւ նշանակել 3 կէտի սահմաններէն շատ հեռու: Ան պահ մը դաշտի կեդրոնէն քիչ մը հեռուէն ալ նշանակեց` մէկ կողմէ դաշտի կողմը նստած համակիրներուն հետ խօսքեր փոխանակելով: «Ատիկա ինծի աւելի ուժ կու տայ: Ամէն մարդ գիտէ այդ մինչեւ հիմա», ըսաւ սլովենիացի Տոնչիչ:
Տոնչիչ, որ 10 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց Քայրիի հետ, որ 2016-ին դարձած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Քլիվլենտի հետ, կրցան իրենց նախընտրած խաղը պարտադրել Թիմպըրվուլվզի դէմ, որ համեմատաբար անփորձ խումբ մըն է:
Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (12 կէտ) եւ Տանիէլ Կաֆորտ (11 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) լաւ ելոյթներ ունեցան, մինչ Տերեք Լայվլի վերադարձաւ դաշտ` 2 մրցումներ բացակայելէ ետք վիզի հարուած մը ստացած ըլլալուն պատճառով: Քարլ-Անթոնի Թաունզ (28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եւ Անթոնի Էտուըրտծ (28 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) իրենց կարելին ըրին, բայց բաւարար չէր Տալասի դէմ, որուն աստղերէն Լուքա Տոնչիչ ընտրուեցաւ իբրեւ այս ճակատումներու «Էմ. Վի. Փի.»-ն:


