Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային սահմանագծումի շուրջ համաձայնութեան մը յանգելու ուղղութեամբ իր աշխատանքը շարունակելու յանձնառու կը մնայ` աւելցնելով, որ այդ սահմանագծումը կրնայ մեղմացնել երկու երկիրներուն միջեւ արիւնալի բախումները:
«Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ մնայուն խաղաղութիւն վկայելու ակնկալութիւն չունիմ, սակայն եթէ կարենանք որոշ համաձայնութիւններու յանգիլ, ապա անիկա կարելիութիւն կրնայ ստեղծել հարաւային Լիբանանի եւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն իրենց բնակարանները վերադառնալու:
Հոքշթայն հաստատեց, որ իր աշխատանքին երկրորդ փուլը պիտի ներառէ Լիբանանին տրամադրուելիք տնտեսական շարք մը օժանդակութիւններ, որոնք կը միտին երկրին մէջ ելեկտրականութեան ծառայութիւնը օրական 12 ժամի բարձրացնել:


