Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Անկախութեան 106-Ամեակին Նուիրուած Մայիսեան Տօնակատարութիւն

June 1, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Այնճարը նշեց մայիսեան անկախութիւնը, որ ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն առաջնորդութեամբ տողանցքով. անոնք շրջեցան գիւղին մէջ` ընկերակցութեամբ  ՀՄԸՄ-ի Այնճարի նախկին խմբապետներուն, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն, պատկան մարմիններուն եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան:

Ապա բոլորը ուղղուեցան «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ մայիսեան հանդիսաւոր տօնակատարութիւն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները ունկնդրելէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Կարէն Հերկելեան, որ յիշեց Ցեղասպանութիւն տեսած, անոր ցաւը իրենց մաշկին վրայ զգացած  մեր հերոսական պապերն ու հայ ժողովուրդի փայլուն ապագայի տեսլականին հաւատաւոր  հայորդիները, որոնք  համախմբուելով ՀՅԴ-ի դրօշին տակ` մղեցին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը եւ անկարելին  դարձուցին  կարելի` ստեղծելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: «Այսօր ալ մեր կերտած յաղթանակներու ուղին մեզի կը պատգամէ, որ հայ ժողովուրդը իր սեփական ուժերով  եւ մերօրեայ չափանիշներով պէտք է  պահպանէ իր ինքնութիւնը, մանաւանդ երբ մեր թշնամին արդիականացուցած է իր ոճը եւ քաղաքակիրթ աշխարհի աչքերուն առջեւ, նոր հնարքներով եւ նոր միջոցներով կը յանդգնի կրկին անգամ ցեղասպանութիւն  իրագործել», հաստատեց ան:

Կարէն Հերկելեան կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին` շարունակելու մեր պապերուն սկսած գոյապայքարը, հասնելու համար մեր իտէալին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները  կենդանի պատկերով մը իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ ռազմական յաղթանակի եարխուշտա պարով դրոշմեցին մեր նորահաս սերունդին փառահեղ երթի ճանապարհը:

Ապա ցուցադրուեցաւ  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի  քարոզչական մարմինին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր առաջին հերթին արժեւորուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումը` որպէս պատմական իւրայատուկ իրադարձութիւն, ապա անդրադարձ մը կատարուեցաւ 28 մայիս 1918-ի պատմական հոլովոյթին: Վերջին բաժինով վեր առնուեցաւ այս յաղթանակին այժմէական պատգամը` հայկական անկախ պետականութեան պահպանման գործընթացին մէջ:

Օրուան պատգամախօսն էր ՀՅԴ  Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վաչէ Նաճարեան, որ 28 մայիս 1918-ի յաղթանակը նկատեց հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր փուլերէն մէկը:

Ան ըսաւ, որ անկախութեան հռչակագիրը յոյսի փարոս եղաւ ամբողջ հայութեան համար` հռչակելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդը, եւ անիկա առանցքային դեր ունեցաւ հայկական էութեան մէջ եւ վերասահմանեց հայ ժողովուրդի ազգային նկարագիրը: Ասոր կարեւորութիւնը ոչ թէ կերտուած յաղթանակներով կամ յաջողութիւններով է, այլ` անոնցմէ խորհուրդներ քաղելու հրամայականին մէջ, դիտել տուաւ բանախօսը:

Ապա Վ. Նաճարեան անդրադարձաւ մայիսեան այս յաղթանակներու նշանակութեան եւ պատմական դէպքերուն, որոնք մեր նորագոյն պատմութեան պայքարի եւ քաղաքական մտքի բիւրեղացման խորհրդանիշն են:

Ան ըսաւ. «Սարդարապատի այդ ոգին էր, որ տասնամեակներու լռութենէ ետք, 1988-ին պոռթկաց Արցախի մէջ եւ Արամ Մանուկեանի «Երեւանը չենք դատարկի» կոչը իր արձագանգը գտաւ աշոտբեկորներու, վիգէն զաքարեաններու, մհերջուլհաճեաններու ու  գաղափարակից ազատամարտիկներու մօտ, որոնք «Ստեփանակերտը չե՛նք դատարկի» երդուելով` կերտեցին մեր ժողովուրդին մայիսեան նորանոր յաղթանակներ` միշտ բարձր պահելով եռագոյնը:

«Կարծես այդ ահազանգը նաեւ անգամ մը եւս կը հնչէ հիմա, եւ հայ ժողովուրդը նորէն պիտի պատասխանէ «Երեւանը չենք դատարկի» կոչին, անգամ մը եւս տէրը կանգնելու մեր ազգային արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն»:

Ապա բանախօսը զուգահեռ մը գծեց 28 մայիս 1918-ի եւ այս օրերուն հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն` դիտել տալով, որ` «Մեր երկիրը կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու եւ բարդութիւններու առջեւ, եւ այս փուլին նման` 1918 մայիս 28-ին, մեր վճռական կեցուածքը նաեւ, առաւել քան երբեք, կարեւոր է: Վերջին ամիսներու իրադարձութիւնները, Արցախի պարպումը ներառեալ` Տաւուշի շրջանի յանձնումը Ազրպէյճանին, ցնցեցին մեր ազգը եւ աւելի խորացուցին Արցախի կորուստին վիշտը: Այս իրականութիւնները եւ դէպքերու ընթացքը ցոյց կու տան, որ Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայի ուղղութիւնը հակառակ Սարդարապատի կտակին է եւ կը փորձեն խեղաթիւրել մայիսեան աւանդը իր ճշմարտութենէն»:

Վ. Նաճարեան յիշեցուց, որ մեր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հայը եղած է տոկուն ու պիտի մնայ չնահանջող. «Ոչ ոք իրաւունք ունի մսխելու կամ արհամարհելու 1918-էն առաջ ու անկէ ետք մղուած պայքարներն ու անոնց շօշափելի արդիւնքները», շեշտեց ան:

Իբրեւ պատգամ մայիս 28-ի կտակին` բանախօսը մէջբերեց արցախեան նահատակ, մուսալեռցի Գէորգ Հաճեանի խօսքը. «Եթէ կ՛ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել, պէտք է երթալ եւ հայ զինուորին կողքին կենալ»: Ապա յիշեցուց բոլորին. «Եթէ կ՛ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը չափել, պէտք է կարենալ խոստովանիլ` առանց կասկածի եւ տատամսելու, թէ արդեօք աշխատասէ՞ր էք հայ ժողովուրդի ազատութեան համար, ինչպէս` Գէորգը եւ նահատակ իր ընկերները, գործադրէ՞ր էք ամէն հայու երդումը` նուիրելու իր կեանքը հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի  պաշտպանութեան, ոչ միայն խօսքով, այլ` գործով, ինչպէս Գէորգը… Իսկ 1918 մայիս 28-ի յաջորդող սերունդները  պէտք է վերահաստատեն զօրավար Դրոյի կոչը, որ կ՛անդրադառնայ, թէ մայիս 28-ի առիթով, հայ ժողովուրդը, որեւէ  պայմանի տակ, ի վիճակի է պայքարելու  իր անկախութեան համար, որպէսզի ապրի իբրեւ արժանաւոր ազգ, եթէ ունենայ հաւատք, վճռակամութիւն, զոհողութեան ոգին եւ ազատութեան ձգտում»:

Իսկ եզրափակելով` Վաչէ Նաճարեան ըսաւ. «Ապրելու համար իբրեւ արժանաւոր ազգ` պէտք է լսել նաեւ մեր հիմնադիր հայրերուն կանչը քայլերգին բառերով. «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից, բայց նաեւ` Մուսա Լեռով ու Արցախով, եւ մեր յաղթական անցեալով, փառաւոր ապագայի համար, պայքարելով մինչեւ վերջ, մինչեւ յաղթանակ»:

Ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեանը կարդաց  մայիս 28-ի առիթով զօր. Սիլիկեանի արտասանած կոչը եւ Վ. Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ իմ հայ ժողովուրդ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք  յաջորդաբար Մաթիլտա Գէօհիլեան, Արինա Աբրահամեան եւ Գետակ Այնթապեան իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ազատ Հայաստան» եւ «Միասին»-ի երգեցողութեամբ:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով` մասնակցութեամբ բոլոր ներկաներուն:

Նախորդը

Մայիսեան Անկախութեան 106-րդ Տարեդարձին Առիթով. Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Դրօշի Օրհնութիւն

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Պորուսիա Տորթմունտ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.