Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, պիւթակազինը` 20.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը փոփոխութիւն չէ կրած: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.657.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.695.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.441.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին սակը մնաց նոյնը` 811.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց Ռաֆահի սպանդը` հաստատելով, որ միջազգային հասարակութիւնը պատասխանատու է պաղեստինցի ժողովուրդին ապահովութեան ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ պէտք է վերջ մը դնէ պաղեստինցիներն ու անոնց գոյութիւնը վտանգի ենթարկող բոլոր սպառնալիքներուն:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ֆապրիցիօ Մարչելլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ իտալական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Սլիմի այցելեցին նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Նիքոլա Սահնաուի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ պիտի չկարենայ ունենալ, նախքան` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը: Ան հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի դէմ գոյութենական վտանգ կը նկատուին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանատան գործակատար Ապտալլա Սլէյման Շեհինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախագահեց կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց ծայրայեղութիւնն ու ծայրայեղականները շրջափակելու, որպէսզի շրջանը միանգամընդմիշտ խաղաղութեան հունին մէջ մտնէ: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ ընդունեց երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆին` ներկայութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշի: Քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ գերիշխան քաղաքական ուժերու հանդիպում մը կայացնելու կարելիութիւնները` ճշդելու համար անոնց հետագայ քայլերը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տուէյհի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն մաս կազմել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրելիք երկխօսութեան, որովհետեւ իրենց համար քաղաքական ներկայ դասին հետ երկխօսութեան արդիւնքը յստակ է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին Սուրիա վերադարձը կարեւոր զարգացում է` աւելցնելով, որ այս հասկացողութիւնը զարգացնելը ամբողջ շրջանը աւելի լաւ տեղ մը կը փոխադրէ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուելիք ընկերային եւ մարդասիրական ծառայութիւնները: Լազարինի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

 

Նախորդը

Ալթուն. «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Կրնան Շրջանին Եւ Աշխարհին Խաղաղութիւն, Անվտանգութիւն Ու Բարգաւաճում Բերել»

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ռաֆահի Սպանդը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.