Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրերը Հասկնալու Ճամբուն Վրայ. Գիտութիւնը Կը Դառնայ Թիրախ` «Կասկածի Վաճառականներու»

April 13, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ընդհանրական ջերմացումը ժխտող լոզունգ մը, որ կը փորձէ սերմանել այն գաղափարը, թէ անիկա կեղծիք է:

ՆՈՅՆԻՍԿ ԳԻՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ ՀԵՐԵՏԻԿՈՍՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՍԿԵՊՏԻԿ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆ ՈՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԱՆՎԱՒԵՐ ՀՌՉԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԳԻՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ, ԱՌԱՆՑ ԵՐԲԵՔ ԻՐԵ՛ՆՔ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱԿԱՌԱԿԸ ՓԱՍՏՈՂ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԱՅՍ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐԸ:

Գիտնականներ հետզհետէ աւելի ծանր պայքար կը մղեն` հանրութիւնը զգուշացնելու համար հրատապ հարցերէ: Պատճառը նոյնինքն իրենց շարքերուն մէջ յայտնուած հերետիկոսներն են, որոնք դիտումնաւոր կերպով անորոշութիւն կը սերմանեն, ինչպէս կ՛ըսէ ամերիկացի պատմաբան մը:

Ժխտական տրամադրութիւններ ստեղծող այս անձերը, որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ կը վճարուին` գիտական ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները անվաւեր հռչակելու համար, խոչընդոտներ դրած են կենսական հարցեր լուծելու աշխատանքներու դիմաց` հակառակ նման աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը ապացուցող փաստերու գոյութեան, դիտել կու տայ Սան Տիեկոյի մէջ Քալիֆորնիոյ համալսարանէն պատմութեան եւ գիտութեան դասախօս Նաոմի Օրեսքես:

Անոնք կը խորտակեն գիտական ուսումնասիրութիւններէ բխած համոզումները` տեւաբար կասկածի տակ առնելով գիտնականներու ի յայտ բերած գիտելիքները, արհամարհելով փորձառական յայտնագործութիւնները, շեշտելով անորոշութիւնները եւ պահանջելով յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ: Վերջին կէս դարուն անոնք միայն նպաստած են օրէնսդրական քայլերու տկարացումին եւ քաղաքական մակարդակի վրայ հասունցող միջոցառումներու ձախողութեան, օրինակ` ծխախոտի գործածութեան, թթու անձրեւներու, օզոնի խաւին պաշտպանութեան եւ ընդհանրական ջերմացումի նման հարցեր դիմագրաւելու մէջ:

«Ասիկա շատ խորամանկ եւ ազդու մարտավարութիւն մըն է», կ՛ըսէ Օրեսքես Փարիզի մէջ, ուր այս օրերուն կը տարածէ իր «Մըրչընց աֆ տաութ» (կասկածի վաճառականներ) անունով գիրքին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը: Օրեսքես այս գիրքը հեղինակած է Քալիֆորնիոյ Արհեստագիտութեան հիմնարկէն պատմաբան Էրիք Քոնուէյի հետ:

«Այս մօտեցումը կ՛օգտագործէ ինքնին գիտութեան հիմնական տարրերէն` առողջ սկեպտիկութիւնն ու հետաքրքրութիւնը եւ զայն կը վերածէ նոյնինքն գիտութեան դէմ ուղղուած զէնքի` աւերելով զայն», կ՛ըսէ Օրեսքես:

Գիրքը կը սկսի նկարագրելով, թէ ինչպէ՛ս գիտութիւնը կասկածի տակ առնող արհեստավարժ սկեպտիկներ գործի լծուած են, երբ ծխախոտ արտադրող մեծ ընկերութիւններ առաջին անգամ դէմ յանդիման եկած են յստակ ապացոյցներու, որոնք կը փաստէին ծխախոտի գործածութեան քաղցկեղ պատճառող ժխտական հետեւանքները:

Պրաուն էնտ Ուլիըմսըն ծխախոտի ընկերակցութեան բարձրաստիճան մէկ պատասխանատուին կողմէ 1969-ին ներքին սպառումի համար պատրաստուած տեղեկագիրի մէջ արձանագրուած է ծխախոտի գործածութեան եւ քաղցկեղի միջեւ կապը մասնագէտներու օգնութեամբ տկարացնելու ծրագիր մը:

«Մենք կասկած պիտի սերմանենք, որովհետեւ անիկա լաւագոյն միջոցն է` պայքարելու «փաստերու այն ամբողջութեան դէմ», որոնք գոյութիւն ունին ընդհանուր հանրութեան մտքին մէջ: Անիկա նաեւ միջոցն է տարակարծութիւն ստեղծելու», ինչպէս կ՛ըսէ արձանագրութիւնը, որ այժմ մաս կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու հանրային արխիւներուն:

Օրեսքես կ՛ըսէ, թէ ներկայիս ամէնէն ցայտուն օրինակը կը վերաբերի այն գիտնականներուն, որոնք ընդհանրական ջերմացումի նկատմամբ կասկածներ կը սերմանեն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ «ժխտումի արշաւ մը» ծայր տուաւ 1992-ի Աշխարհի գերաստիճանէն անմիջապէս առաջ եւ մեծ տարողութիւն ստացաւ 1997-ին Քիոթոյի համաձայնագիրին նախապատրաստական բանակցութիւններուն ժամանակ, կը բացատրէ Օրեսքես:

«Անոնք պարտաւոր չեն փաստելու, թէ ճիշդ են: Անոնք պարտաւոր չեն փաստելու, թէ ընդհանրական ջերմացում տեղի չ՛ունենար», կ՛ըսէ ան:

«Կը բաւէ, որ անոնք կասկածներ սերմանեն եւ հարցականներ ստեղծեն: Որովհետեւ, երբ կասկածներ ու հարցականներ ստեղծեն, ապա կրնան ըսել` «այնքան ատեն որ գիտութիւնը ընդհանուր համաձայնութիւն մը չէ գոյացուցած, ուրեմն կանխահաս է ցարդ գոյութիւն ունեցող փաստերուն հիմամբ միջոցառումներու դիմելը»: Այսպէս, անոնք կ՛ուշացնեն միջոցառումները եւ կը խուսափին այն տեսակի միջոցառումներէն, զորս պիտի չփափաքէին որդեգրել»:

Այս մարտավարութիւնը այնքա՛ն յաջողութիւն արձանագրած է, որ այժմ ընդհանրական ջերմացումը ժխտելը ամուր կերպով արմատացած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բարձր մակարդակներուն վրայ, ինչպէս կ՛ըսէ Օրեսքես:

«Հանրապետական կուսակցութեան բարձրաստիճան ղեկավարներ հանրութեան դիմաց կը յայտարարեն, թէ իրենց կարծիքով ընդհանրական ջերմացումը չար կատակ մըն է: Ասիկա ցոյց կու տայ իրերու ցնցիչ վիճակը, մանաւանդ` կուսակցութեան մը մէջ, որ ժամանակին կը նկատուէր դեմոկրատներէն շատ աւելի գիտական թեքում ունեցող եւ կենսոլորտային հարցերու նկատմամբ շատ աւելի հասկացողութիւն ցուցաբերող կազմակերպութիւն մը», կ՛ըսէ Օրեսքես:

Ան նաեւ խիստ ոճով կը դատապարտէ ամերիկեան մամուլը, որ կը հաւատայ, թէ «հաւասարակշռուած» լրատուութիւն` կը նշանակէ նոյնքան կշիռ տալ գիտական հակառակ կարծիքներու, նոյնիսկ երբ միայն փոքրամասնութիւն մը կը պաշտպանէ զայն` հակառակը փաստող հսկայական ապացոյցներու դիմաց:

Օրեսքեսի համաձայն, գիտնականներ, որոնք յառաջ կը քշեն ընդհանրական ջերմացումի անորոշութիւնը, պայման չէ, որ վարձկան զինուորներ ըլլան, թէեւ «ոմանք նման պայքար մղելու համար կը վճարուին բրածոյ վառելանիւթերու ճարտարարուեստին կողմէ կամ անուղղակի կերպով` միջնորդներու»:

«Սակայն չեմ կարծեր, թէ դրամը գլխաւոր շարժառիթն է: Կը կարծեմ, թէ հարցը քաղաքական է եւ գաղափարաբանական, ուշադրութիւն գրաւելու մարմաջի մը արտայայտութիւնն է եւ երբեմն նաեւ` ինքնասիրութեան»:

Ինչ կը վերաբերի գիտական մարզին մէջ աշխատող ուսումնասիրողներու, անոնք կը մտածեն, թէ օրն ի բուն նման պայքար մղող հերետիկոսներ պարզապէս իրենց ժամանակը կը մսխեն եւ մտաւորական մակարդակի վրայ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, կ՛ըսէ Օրեսքես:

«Այս մարդիկը ո՛չ մէկ աշխատանք կը կատարեն, ո՛չ մէկ փաստ կը հաւաքեն: Փոխարէնը` պարզապէս կը քննադատեն այլոց աշխատանքը: Իսկ երբ կը քննադատեն, իրենց կարծիքները չեն ներկայացներ գիտական շրջանակներու մէջ, ոչ ալ զայն կը յանձնեն գիտական քննարկումի, այլ զանոնք կը հրատարակեն «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի մէջ, որ գիտական թերթ մը չէ:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Իրերը Հասկնալու Ճամբուն Վրայ. Լռութեան Ծագումն Ու Մշակութային Եղափոխութիւնը

Յաջորդը

«Եթէ ՀՄԸՄ-ը Պէտք Ունի Ինծի, Այսօր Իսկ Պատրաստ Եմ Դաշտ Իջնելու» Կ՛Ըսէ Եղբ. Վարդգէս Էսկիպաշեան

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.