Իրլանտայի վարչապետ Սայմըն Հարիս յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է այս ամսուան ընթացքին Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալ:
Հարիս 1845 եւ 1852 թուականներու իրլանտական մեծ սովի զոհերուն յիշատակին նուիրուած Լոնտոնի մէջ ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի, Կազայի եւ Իսրայէլի հարցերուն վերաբերեալ Իրլանտայի կեցուածքը յստակ է:
Ան նաեւ նշեց, որ պէտք է անմիջապէս դադրեցնել բռնարարքները եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները անարգել հասցնել Կազայի մէջ տեղի ունեցող մարդկային աղէտին պատճառով:
Հարիս ըսաւ, որ Իրլանտան Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալ ուզող երկիրներուն հետ կը գործէ:
Այս առումով, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ըսաւ, որ Սպանիան 21 մայիսին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը` նշելով, որ Մալթայի, Սլովենիոյ եւ Իրլանտայի պէս եւրոպական այլ երկիրներ եւս կ՛ուղղուին դէպի Պաղեստինի պետութեան ճանաչում:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ մտադիր է Ռաֆահի մէջ իր զինուորական ներխուժումը ընդլայնել:
Կալանթի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ան Սալիվընի հետ ժողովի ընթացքին ըսած է. «Յանձնառու ենք Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութեան ծիրը ընդլայնելու, մինչեւ Համասը քայքայելու եւ գերիներուն վերատիրանալու նպատակի իրագործումը»:
Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կ՛արգիլէ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ ժողով գումարել` փորձելով այդպիսով վերահսկողութիւն հաստատել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Կազայի պատերազմին վերաբերեալ ստացած պատգամներուն վրայ:
Ամերիկեան վարչակարգէն պաշտօնատարներ կայքին յայտնած են, որ Նեթանիահու «կը փորձէ Ուաշինկթընին արգիլել պատերազմին շուրջ իր ծրագիրին հակասող տեղեկութիւններ ստանալ»:
«Աքսիոս» կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պեռնիահի եւ Շապաքի ղեկավար Ռոնին Պարի արգիլած է Քոնկրեսի մէջ հետախուզութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնակատար ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյի հետ հանդիպիլ` շուրջ երեք շաբաթ առաջ վերջինիս Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին:


