Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արագածի «Դրօ» Ակումբին Մէջ. Հրայր Դժոխքի Ծննդեան 160-Ամեակի Եւ Նահատակութեան 120-Ամեակի Յիշատակում

April 19, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 13 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Արագածի «Դրօ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր Դժոխքի ծննդեան 160-ամեակին եւ նահատակութեան 120-ամեակին յիշատակումը, ներկայութեամբ մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հայորդիներու, ծնողներու ու պատանիներու:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան անդամ Քլարիթա Մելքոնեան, որ նշեց, թէ ժողովուրդէն ծնած եւ իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նուիրած բացառիկ կերպար էր Հրայր Դժոխքը, որ կարեւոր հետք ձգած է Տարօնի ազատագրական պայքարին վրայ եւ ընդհանրապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութեան վրայ: Ան յայտնեց, որ դաշնակցական պատանիները պէտք է դասեր քաղեն ֆետայիներու կեանքէն, յարգեն անոնց յիշատակը եւ հետեւին անոնց ուղիին:

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի աղօթքէն ետք, պատանի Յակոբ Անտոնեան շեփորով նուագեց «Զէյթուն»-ը, իսկ Անտրիւ Գիւմպէքճեանը օրկով` «Գինի լից»: Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք երկու պատանիները միասնաբար նուագեցին «Գետաշէն»-ը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց պատանի Աննա-Մարիա Սինանեան, որ նշեց, թէ դաշնակցական պատանիները պէտք է հետեւին մեծերու օրինակին, եւ Հրայր Դժոխքը ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ մեծ դեր ունեցած հերոսներէն մէկն էր:

Ան ըսաւ, որ Հրայր Դժոխք իր ընկերոջ փրկութեան համար ոչ միայն իր կեանքը վտանգեց, այլ նաեւ  նահատակուեցաւ, ինչ որ դաշնակցականին ընկերասիրութեան մեծագոյն արտայայտութիւնն է: Սինանեան աւելցուց. «Հրայրը իր նահատակութեամբ ցոյց տուաւ, որ դաշնակցականին համար ընկերը արժէք է, եւ կ՛արժէ ընկերոջ համար կեանքն անգամ նուիրել»:

Դժոխքի յեղափոխական գործունէութեան փուլերը ներկայացնելէ ետք, Աննա-Մարիա Սինանեան ըսաւ. «Մենք` դաշնակցական պատանիներս, Հրայր Դժոխքի նահատակութենէն 120 տարիներ ետք, կը շեշտենք, որ այսօր կարիքն ունինք նոր դժոխքներու, որպէսզի թշնամիներու դժոխային յարձակումները կեցնենք, որպէսզի յանձնուած Արցախը վերադարձնենք, եւ որպէսզի Հայաստանի սահմանները ամուր պահենք»:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով խումբ մը պատանիներ երգեցին «Պատանիներ» երգը եւ ներկայացուցին Հրայր Դժոխքի մտածումներէն հատուածներ:

Հրայր Դժոխքին նուիրուած ձեռնարկը փակուեցաւ Պետրոս Սերեմճեանի յիշատակին նուիրուած «Վէրքերով լի»-ի երգեցողութեամբ:

 

Նախորդը

Էթիեմեզեանները (Վազգէն Ու Գեղանի)

Յաջորդը

Հայ Ազգային Բուժարանի Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Ճաշկերոյթ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.