Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մերձակայ երկիրներուն մէջ տիրող ապահովական թէ քաղաքական անկայուն վիճակը անխուսափելի կը դարձնէ որոշ ատենէ ի վեր շրջանին մէջ «նոր վարչակարգ»-ի մը հաստատումը: Աւելին, կարգ մը «բանալի» կողմեր կը փորձեն տիրող քաղաքական միաբեւեռ երեւոյթը փոխարինել բազմաբեւեռ դրութեամբ, որուն իրականացման ակնկալութեամբ առնչակից պետութիւններ ճիգ չեն խնայեր իրենց «պատշաճ» դիրքը ստանձնելու նախատեսուող նոր իրադրութեան մէջ: Բնականաբար, այս իրողութիւնը չէ վրիպած լիբանանեան ազդեցիկ կողմերու ուշադրութենէն եւս, եւ անոնք իրենց կարգին կը ջանան շրջանային նոր իրավիճակի պատկերին մէջ անմասն չթողուլ Լիբանանը: Սակայն նման քայլի մը դիմելու համար անհրաժեշտ է, որ Լիբանան պատրաստ ըլլայ իր թէզը ներկայացնելու իբրեւ մարդուժ թէ ազդեցութեան գօտիի մը յառաջացման մասնակից հեղինակաւոր կողմ: Իր կարգին, նման նախատեսութիւն մը անխուսափելի կը դարձնէ Լիբանանի անունով ներկայացող հեղինակութեան գոյութիւնը, որ դժբախտաբար ամիսներէ ի վեր թափուր է: Այս կանխատեսումները կը զուգադիպին շրջանային թէ արտաքին կողմերու թելադրանքին, Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը վերահաստատելու եւ հեղինակաւոր ներկայացուցիչի, այլ խօսքով` նախագահի ընտրութիւնը: Փաստօրէն, նման քայլ մը մեծապէս կրնայ նպաստել Լիբանանը յուզող հրատապ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական թէ ընկերային տագնապներու լուծման հեզասահ ընթացքին: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է վերջերս լիբանանեան քաղաքական հարթակին վրայ պարզուող քաղաքական եւ յատկապէս դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռը, որ ինչ ինչ պատճառներու պիտակին տակ թիրախ ունի նախագահական ընտրութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներու հրատապ հարցերու «բարւոք» լուծումը:
Հոսկէ, միջազգային հնգեակի անդամ պետութեանց դեսպաններու (Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար) դիւանագիտական խորհրդակցութեանց վերաշխուժացումը: Այս ծիրին մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսայի Արամունի բնակարանին մէջ կայացած նշեալ հնգեակի ներկայացուցիչներու խորհրդակցական հանդիպումի լոյսին տակ, երէկ ընթացք առին քաղաքական հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու հետ տեսակցութեանց քայլերը:
Այս իմաստով Թրիփոլիի երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ իր գլխաւորած համախմբումին հետ տեսակցելէ ետք հնգեակի կազմին հետ, հաստատեց, որ արտաքին կողմեր կը ջանան հարցերը խաղաղութեամբ լուծել եւ դէմ են բախումներու սաստկացման կամ պատերազմի բռնկումին: Հնգեակի կազմը շարունակելով իր շփումները Սլէյման ֆրենժիէէն եւ Սամի Ժեմայէլէն ետք ու Ժըպրան Պասիլի կողքին հանդիպում մը կը նախատեսէ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին հետ: Կը նախատեսուի, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները ինչ ինչ պատրուակներով խուսափին այս վերջին խորհրդակցութենէն:
Ներքին ճակատի վրայ եւս քուլիսային սերտ ճիգեր կը տարուին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ: Այս ճիգերու արգասիքը դրական եւ խոստմնալից կը թուի կարգ մը մեկնաբաններու համար: Նոյն ծիրին մէջ, զանազան երկիրներու դեսպաններ անջատ այցելութիւններ կու տան երկրի «բանալի» դէմքերու, ինչպէս` բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունի թէ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի: Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի այցելութիւնը հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրեանի կարելի է դասել ներքին կայունութեան ամրապնդման ճիգերու ծիրին մէջ, յատկապէս որ Մաուլաուի «աւետեց», թէ մօտերս մեկնարկը պիտի յայտարարէ ապահովական ծրագիրի մը, ուր թիրախ պիտի նկատուին անխտիր բոլոր օրինազանցները:
Ճիգերու այս ուղղութեան հետեւումով քաղաքացիք խոստմնալից եւ շօշափելի արդիւնքներ կը նախատեսեն, եթէ… շրջանային ընդհանուր պատերազմի բռնկումի վտանգին պատրոյգը կարելի ըլլայ զսպել եւ սանձել:


