Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի Աշխատանքներէն

April 15, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Արագած ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որուն թեման էր  «Բարեսիրութիւն, կամաւոր աշխատանք, մասնագիտական սպասարկութիւն», իսկ դասախօսը` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան:

Դասախօսը անդրադարձաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բարեսիրական գործունէութեան եւ լուսարձակի տակ առաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքներու տարաբնոյթ աշխատանքները: Ան շեշտեց, որ կեդրոնը 1987-էն ի վեր եղած է ժողովուրդի կողքին եւ նոյն թափով ալ պիտի շարուանկէ ծաւալել իր մարդասիրական առաքելութիւնը: Դասախօսութեան աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն իրենց հարցումները ուղղելու: Նազելի Աւագեան յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալով` հաստատեց. «ԼՕԽ-ի կեդրոնը միշտ պատրաստ է զիրենք ընդունելու եւ ըստ կարելւոյն աջակցելու անոնց առողջապահական թէ ընկերային կարիքներուն»:

– Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, ուրբաթ, 8 մարտ 2024-ին, մասնակցութեանբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան, այցելութիւն տրուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ գործող բարեսիրական ու այլ հաստատութիւններ, ուր պատասխանատու պաշտօններ վարող կիներուն տօնը շնորհաւորեցին:

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «ԴՐՕ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 29 փետրուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Արագած ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն:  Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Եու.Էս.Ժի. համալսարանի դասախօս Լուիզա Պապոյեան` նիւթ ունենալով «Ազգ, ընտանիք, հայրենիք» երրորդութիւնն ու անոնց կարեւորութիւնը մեր հաւաքական ու անհատական կեանքերուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կորսուած Ձեռնադաշնակս

Յաջորդը

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»` «Հարպորտ Առաքելութեան» Հաստատումներէն, 1919-ին Թուրքիոյ Վարչապետ Տամատ Ֆերիտ Փաշա Փարիզի Խորհրդաժողովին Կը Խոստովանի Հայերու Դէմ Իր Կառավարութեան Կատարած Ոճիրները

RelatedPosts

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում
Գաղութային

Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.