Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Լոյսի Շողեր

April 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Ընդհանրապէս բացասական են հայ կեանքին կապուած լուրերը վերջին տարիներուն` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան գաղութներ: Սակայն մուգ գոյներով լրատուութեան մէջ յանկարծ լուր մը կը պայծառացնէ երանգապնակը: Գունեղ այդ  շարքին մաս կը կազմէ «Ազդակ»-ի հաղորդած աւետիսը` «Ապագայ լրագրողներ»-ու նոր իրագործումին մասին: Կը կարդամ հրճուանքո՛վ, որ 9 ամսուան տեսական-գործնական վարժողականութենէ ետք, մատղաշ գրիչներուն թուղթին յանձնած միտքերը ամփոփուած եւ հրատարակուած են յատուկ յաւելուածով մը:

Այն պահուն, երբ ցաւօք նահանջի մէջ է տպագիր հայ մամուլը, «Ազդակ»-ի հոսանքն ի վեր այս յամառ թիավարումը փաստօրէն արդիւնաւորուած է եւ յաղթանակ է` ըստ ամենայնի: «Ազդակ»-ի ղեկավարութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց գործո՛վ, որ տէրն է իր առաքելութեան եւ հակառակ տնտեսական թէ բարոյական բոլոր տեսակի դժուարութեանց` կը շարունակէ իր երթը:

Պէտք է ընդունիլ, որ հայ մամուլի յօդուածագրութեան, ընդհանրապէս լրատուական դաշտի, գիրի, գրականութեան նկատմամբ նոր սերունդի հետաքրքրութեան զգալի նուազումը ունի թէ՛ առարկայական եւ թէ՛ ենթակայական պատճառներ, որոնց մասին այլ առիթով մը կ՛անդրադառնամ առանձին յօդուածով, աւելի վերլուծական խորքով: Եւ այս իրողութենէն մեկնած` 18-20 տարեկան մեր երիտասարդներուն իրագործումը յուսադրող է:

Այս բոլորէն անդին` կայ անշուշտ ամէնէն էականը` արեւմտահայերէնի գործօնը: Այս տղաքը ոչ միայն աշխատած են իրենց գաղափարները յանձնել թուղթին, այլեւ անոնց լեզուամտածողութիւնը եղած է արեւմտահայերէնը: Ահաւասիկ հո՛ս կը կայանայ բուն իրագործումը, յաղթանա՛կը: Հայկական վարժարաններէն իրենց ստացած կրթութեան պատկերն է նաեւ այս մէկը, ինչ որ անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ լիբանանահայ մեր դպրոցներուն եւ հայերէնի մեր ուսուցիչներուն անփոխարինելիութիւնը:

Հիմա կը մնայ, որ այս տղաքը շարունակեն արտադրել, գրել, թուղթին յանձնել իրենց միտքերը, գաղափարները, ընտելանալ հայկական արեւելումով քաղաքական մե՛ր մտածողութեան եւ ամրագրել զայն, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը ընտրած է լրագրութենէն բոլորովին տարբեր մասնագիտութիւն:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր երիտասարդներուն: Այն, ինչ որ մեր սերունդը ստացաւ «Ազդակ»-ի ու յարակից-ուղեկից գրասենեակներուն եւ ածուին մէջ, այսօր փաստօրէն ջահը կը փորձէ փոխանցել նորերուն եւ այս ճամբով կ՛ունենայ իր նկատառելի, շնորհակալ եւ երախտաշատ ներդրումը մարդուժի պատրաստութեան էական գործին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Չեմ Բացառեր, Որ Ազրպէյճանը Լայնածաւալ Յարձակման Դիմէ»

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.