Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքը հասած է քառորդ աւարտական հանգրուանին, ուր հասած են 3 իտալական, 2 անգլիական մէկ գերմանական, մէկ ֆրանսական եւ մէկ փորթուգալեան ակումբներ:
Անգլիոյ «կարմիրները»` Լիվըրփուլ, պիտի հիւրընկալէ Իտալիոյ Աթալանթան: Անգլիոյ ախոյեանութեան Բ. դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ իր դէմ պիտի ունենայ Պերկամոյի խումբը, որ «Սերի Ա.»-ի 6-րդ դիրքը կը գրաւէ:
«Զուտ իտալական» մրցումի մը, Ա. Սէ. Միլան, որ վերջերս շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, պիտի հիւրընկալէ Ա. Էս. Ռոման, որ իր կարգին բաւական բարելաւուած ֆութպոլ կը կիրարկէ: Միլանի կազմը Բ. դիրքը կը գրաւէ «Քալչիօ»-ի, մինչ Ռոմա 5-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Գերմանական Պայեր Լեւերքուզըն, որ այս տարի շատ լաւ վիճակի մէջ է եւ պատմութիւն կերտելու ճամբուն վրայ, դառնալով «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Ուեսթ Համը:
Լեւերքուզըն, որ 40 մրցումներէ ի վեր անյաղթ միակ խումբն է Եւրոպայի, պիտի մրցի Ուեսթ Համի դէմ, որ «Փրեմիըր լիկ»-ի 7-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ վերջին մրցումներուն շատ լաւ ելոյթներ չ՛ունենար:
Վերջին մրցումը իրար դէմ կը հանէ Փորթուգալի Պենֆիքան եւ Ֆրանսայի Մարսէյը:
Պենֆիքա Փորթուգալի ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Սփորթինկ Լիզպոնի ետին, մինչ Մարսէյ վերջին մրցումներուն լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր եւ այժմ կը գրաւէ Ֆրանսայի ախոյեանութեան դասաւորման 8-րդ դիրքը:


