Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի Եւ Արսենալ – Պայերն Միւնիխ

April 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր կը սկսին Եւրոպայի ախոյեան խումբերու ախոյեանութեան` «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի մրցումները:

Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով պիտի մրցի անցեալ տարուան տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթիի դէմ:

Սպանական կազմը, որ 14 անգամ շահած է «Չեմփիընզ լիկ»-ը (մրցանիշ), 2021-2022 տարեշրջանին յետ երկարաձգման դուրս ձգած էր Սիթին (3-4 եւ 3-1) կիսաւարտականին, բայց անգլիական կազմը անցեալ տարեշրջանին դուրս ձգած էր Ռէալը (1-1 եւ 4-0):

Երկու խումբերուն պայքարը տեղի պիտի ունենայ դաշտի կեդրոնը, որ անգլիացի Ճուտ Պելինկհամի (Ռէալ Մատրիտ) եւ սպանացի Ռոտրիկոյի (Մանչեսթըր Սիթի) միջեւ պայքարը սուր պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ անոնք «շատ տաք» մրցումներուն վճռական կոլեր կը նշանակեն:

Նոյն ժամուն (ժամը 22:00-ին) Լոնտոնի մէջ, Անգլիոյ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը:

Թուղթի վրայ Արսենալ շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ վերջերս, մինչ Պայերն Միւնիխ շատ վատ օրերու մէջ է, մանաւանդ որ մարզիչ Թոմաս Թուխել վերջին 2 ամիսները կը բոլորէ Պայերնի հետ եւ կը գործէ պիտի արձակուի այս ամառ:

Բայց նայելով երկու խումբերուն նախկին ելոյթներուն կրնանք նշել, որ Արսենալ միշտ ալ «դիւրին մրցակից» եղած է Պայերնի համար, եւ մասնագէտներ կը կարծեն, որ «Պունտըսլիկա»-ի Պայերնը տարբեր կրնայ ըլլալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ:

Երկու մրցումներն ալ ծայր աստիճան հետաքրքրական կրնան ըլլալ, եւ համակիրները անհամբեր կը սպասեն զոյգ մրցումներուն:

Վաղը, քառորդ աւարտականի մնացեալ մրցումներուն, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որուն թիւ 1 աստղը` Քիլիան Էմպափէ վերջին ամիսները կը բոլորէ ֆրանսական ակումբին հետ, անպայման կ՛ուզէ տիղոսով հեռանալ Փարիզէն, պիտի հիւրընկալէ Սպանիոյ «հսկաներէն» Պարսելոնան:

Պարսելոնա, որ համեմատաբար երիտասարդ խումբ մըն է, մարզիչ Չաւիի հետ դժուար տարեշրջան մը սկսելէ ետք բաւական բարելաւուած է եւ լաւ ֆութպոլ կը ցուցաբերէ:

Աթլեթիքօ Մատրիտ կ՛ամբողջացնէ սպանական եռեակը, եւ պիտի հիւրընկալէ Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտը: Տորթմունտ շատ կայուն վիճակ չունի այս տարեշրջանին եւ վտանգաւոր դիրքի վրայ է` բացակայելու յառաջիկայ տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-էն:

Աթլեթիքօ Մատրիտ իր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի հետ հռչակաւոր է զօրաւոր թաքթիքով պաշտպանողական խաղաոճով, ուր 11 մարզիկներ կը պաշտպանեն երբ մրցակից խումբը յարձակի, իսկ հակայարձակողականի ժամանակ 3-4 մարզիկներով արագ յարձակումներով անակնկալի կը բերեն մրցակիցներ:

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լոս Անճելըս Քլիփըրզ Կրցաւ Յաղթել Վերջին Երկվայրկեաններուն

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Գարիկ Կարապետեան` Արծաթէ Մետալակիր

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.