Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղիքի Քաղցկեղի Ախտանշաններուն Մասին Դասախօսութիւն` ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

April 4, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կազմակերպած մարտ ամսուան դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 20 մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` նիւթ ունենալով «Աղիքի քաղցկեղի ախտանշանները»:

Լիբանանի, Հայաստանի, ԼՕԽ-ի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամ Լիւսի Բէնէնեան իր բացման խօսքին մէջ  յիշեց,  որ մարտ ամիսը աղիքի քաղցկեղի նախազգուշական ամիսն է: Ան ըսաւ, որ որովայնին մէջ ունինք բարակ եւ հաստ աղիքներ: Բարակ աղիքը կ՛օգնէ ստամոքսէն եկած սնունդին, յաւելեալ մարսողութեան եւ սննդանիւթերու ներմուծումին, իսկ հաստ աղիքը կարեւոր դեր ունի ձերբազատուելու չմարսուած աղտերէն: Ան նշեց, որ դասախօսութիւնը կազմակերպուած է լուսաբանուելու այդ մասին եւ գիտնալու, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ այս համակարգը խանգարուի, մանաւանդ աղիքի քաղցկեղի պարագային, ի՞նչ են քաղցկեղի ախտանշանները, հետեւանքները, ինչպէս նաեւ` կանխարգիլելու միջոցները:

Օրուան դասախօսն էր «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի վիրաբուժ եւ ուռուցքաբան տոքթ. Յակոբ Միսիսեան: Ան նշեց, որ ուռուցքաբանութեան տեսակետէն հաստ աղիքը աւելի կարեւոր է բարակ աղիքէն, դիտել տալով, որ քաղցկեղը միայն ու միայն կապուած է հաստ աղիքին հետ, իսկ հաստ աղիքին ամէնէն կարեւոր դերը ջուրի ներմուծումն է աղտոտութենէն: Բժիշկը բացատրեց, որ աղիքի քաղցկեղը միակ քաղցկեղն է, որ կը զարգանայ աստիճանաբար: Աղիքի քաղցկեղի բոլոր տեսակները կը յառաջանան «polyp»-ներէ: Ախտանշանները կ՛ընդգրկեն` փորի ցաւ, արեան տկարութիւն, ծանրութեան կորուստ, կղկղանքի մարմնէն դուրս ելլելու փոփոխութիւններ, փորի պնդութիւն, որուն կը յաջորդէ դարձեալ փորհարութիւն: Ախտաճանաչումը միշտ ուշ կ՛ըլլայ այս քաղցկեղի պարագային, որովհետեւ այս ախտանշանները կրնան պատահիլ ուրիշ հիւանդութիւններու պարագային ալ:

Կանխարգիլելու համար տոքթ. Միսիսեան նշեց «screening test» մը, որ կը կոչուի «FIT»: Երբ այս քննութեան արդիւնքը դրական է, պէտք է «colonoscopy» ընել: Իսկ քաղցկեղի պարագային միակ բուժումը եւ յոյսը գործողութիւնն է:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Միսիսեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 100-Ամեակի Յոբելենական Ձեռնարկներու Պաշտօնական Մեկնարկ. Դար Մը Փառաւոր Անցեալով` Պանծալի Ապագայի Տեսլականով

Յաջորդը

Զատկուան Պաշտօնական Ընդունելութիւն Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.