Մարտ 1924-ին հին Մաարատի մէկ անկիւնը, տախտակէ պատերով եւ թիթեղեայ տանիքի մը տակ մասնաճիւղի ստեղծման գաղափարին կ՛աջակցին խումբ մը երիտասարդ պոլսահայ եւ պէյրութահայ ընկերներ…
Շաբաթ, 23 մարտ 2024, երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը իր ակումբին մէջ հիւրընկալեց մասնաճիւղի անդամները, վեթերան քոյրերն ու եղբայրները, ծնողներն ու բարեկամները` ազդարարելու մեկնարկը մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ յայտարարելու կազմակերպուելիք շարք մը ձեռնարկներու մասին:
Դաշտի մուտքին զետեղուած էին երկու պաստառներ, որոնցմէ առաջինը հարց կու տար, թէ ո՛ր յատկանիշը լաւապէս կը նկարագրէ մասնաճիւղի 100-ամեայ ուղին, ու կը հրաւիրէր ներկաները գունաւոր պիտակներով զատորոշուած յատկանիշները` կամք, աշխատանք, կարգապահութիւն, նուիրում եւ պատկանելիութիւն, տեղադրել պաստառին վրայ: Երկրորդ պաստառին վրայ ներկաները արձանագրեցին իրենց մաղթանքները` մասնաճիւղի յառաջիկայ 100-ամեակին: Դաշտին վրայ նաեւ զետեղուած էր սկաուտական ձեռային աշխատանք` դրօշակի կայմը, որուն կեդրոնը 100-ամեակի նշանակն ու նշանաբանը` «Դար մը փառաւոր անցեալով` պանծալի ապագայի տեսլականով»:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանայինի շեփորախումբին նուագին ընկերակցութեամբ պաշտօնական ընդունելութիւն կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանին եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեանին:
Պաշտօնական հանդիսութիւնը ընթացք առաւ մասնաճիւղի 100-ամեակին դրօշակին տպաւորիչ մուտքով դէպի դաշտի կեդրոն` հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Ուշադրութի՛ւն, պահ մը ձեր հայեացքները սեւեռեցէ՛ք դէպի հարթակը. առաջին անգամ ըլլալով կը տողանցէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի հարիւրամեայ գործունէութիւնը խորհրդանշող դրօշը: Դրօշ մը, որ լոկ կտոր չէ: Դրօշ մը, որ մարմնաւորումն է անդամներուն խոստման. խոստում` պահպանելու այս ժառանգութիւնը ու զայն փոխանցելու անցած չորս սերունդներէն, գալիք հինգ ու վեր սերունդներուն»:
Ապա կատարուեցաւ սկաուտական խումբերու տպաւորիչ տողանցք. իւրաքանչիւր խումբ, տողանցելու զուգահեռ, ներկայացուց պատկեր մը` գրութիւններով, պաստառներով ու դրօշակներով:
Սկաուտական խումբերը «Պատուի՜ ա՛ռ»-ով դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչներն ու ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի նորակազմ Սկաուտական խորհուրդը:
Տեղի ունեցաւ բացման դրօշակի արարողութիւն: Ապա ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը, ուր անդրադարձ կատարուած էր Պէյրութ մասնաճիւղի 100-ամեայ երթին, ամփոփ ձեւով անոր մաս կազմող մարզախաղերուն եւ սկաուտական գործունէութեան, մասնաճիւղին դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն` հաստատելով, որ թէեւ 100-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդ Պէյրութի մասնաճիւղը իր ուղին կը շարունակէ` գլխագիր ՀԱՅ-ը դաստիարակելով, «Մէկ մասնաճիւղ, մէկ ընտանիք» նշանաբանին հաւատարիմ` նոր տեսլականով կը շարունակէ եւ պիտի՛ շարունակէ մասնաճիւղին յաջորդ 100-ամեակի ուղին խիտ եւ հաստատակամ շարքերով եւ «Մի՛շտ պատրաստ»:
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Զաւէն Տէր Պետրոսեան վարչութեան խօսքը արտասանելէ առաջ պարտք համարեց մէկ վայրկեան ոտնկայս լռութեամբ յարգել հանգուցեալ քոյրեր- եղբայրներու յիշատակը, որոնց վերջինը հանդիսացաւ քոյր Յասմիկ Մուրատեանը, որ 100-ամեակի ջահը յանձնեց նոր սերունդին` մասնաճիւղի 2023 – 2024 տարեշրջանի բացման արարողութեան, եւ որ օրեր առաջ հեռացաւ մեր աշխարհէն:
Իր խօսքին մէջ Զ. Տէր Պետրոսեան ըսաւ. «Այսօր ճակատաբաց եւ հպարտօրէն կը գոռանք` մենք կա՛նք, պիտի մնա՛նք ու գոյատեւե՛նք` անկախ պատերազմներէն, անկախ արտագաղթերէն, անկախ պայթումներէն, ժահրերէն եւ նիւթական դժուարութիւններէն: Պիտի գոյատեւենք մեր սկաուտական շարքերով, որոնք եղած են կորիզը տիպար հայ քաղաքացիներու կերտման, որոնք տարիներ շարունակ ազնուացուցած են մեր ժողովրդային շարքերը եւ կամաւորաբար ծառայած` ազգին, սփիւռքին ու հայրենիքին: Պիտի գոյատեւենք մեր մարզական խումբերով, որոնք դար մը ամբողջ առողջ միտք ու մարմին կերտած են մեր հայ երիտասարդութեան մօտ եւ հանդիսացած են մեր ժողովուրդի միակամութեան ու հպարտութեան կորիզը»:
Յիշելով, որ քաղաքի ակումբին մէջ 1974-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի անդրանիկ ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին յառաջացաւ ՀՄԸՄ-ի առաջին Կեդրոնական վարչութիւնը, Տէր Պետրոսեան հաստատեց, որ անոնց երթը պիտի շարունակեն, մանաւանդ որ մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ական նահատակներ իրենց արեան գնով պահպանած են արժէքները եւ փոխանցած` սերունդէ սերունդ:
Տէր Պետրոսեան դիտել տուաւ, որ մասնաճիւղը պատրաստ է թեւակոխելու երկրորդ դարը, եւ այս առիթով պիտի կազմակերպուին արժանավայել ձեռնարկներ, տարբեր նախաձեռնութիւններ եւ պիտի կատարուին բարեկարգումներ:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Մելքոնեանը, որ օրհնեց 100-ամեակի պեճերը, զորս սկաուտները պիտի կրեն իրենց տարազին վրայ ամբողջ մէկ տարի ու «Պահպանիչ»-ով փակեց յայտագիրը:
Փակման դրօշակի արարողութենէն ետք խմբային նկարով աւարտեցաւ 100-ամեակի մեկնարկի հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը սփռուեցաւ նաեւ ուղիղ եթեր` մասնաճիւղի մեծ ընտանիքին առցանց հետեւելու առիթ տալով:
Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ մտերմիկ երեկոյ` Նշան Փալանճեան Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահէն ներս, մասնակցութեամբ «Հեքիաթ» նուագախումբին:




