Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ 5 Ապրիլին Պրիւքսելի Մէջ Եռակողմ Հանդիպումին Նկատմամբ

March 29, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուային կը մտահոգէ 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ հանդիպումը: «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ գրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Թէեւ կ՛ընդգծուի, որ այդ հանդիպումը երրորդ կողմի դէմ չէ, սակայն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները ուղղակիօրէն կ՛ըսեն մեր գործընկերներուն, որ իրենց քայլերը հիմնականին մէջ Ռուսիոյ դէմ են: Ուղղակի ճիշդ այդպէս ալ կ՛ըսեն` բացայայտօրէն», գրած է Զախարովա` շեշտելով, որ նման հանդիպումները մտահոգութիւն կը յառաջացնեն շրջանի երկիրներու մեծ մասին մօտ:

Ըստ Մոսկուայի, «անոնք ուղղուած են ոչ թէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր բաժանարար գիծեր ստեղծելուն, Մոսկուայի հետ դարաւոր կապերը քանդելուն, շրջանային անվտանգութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան գոյութիւն ունեցող մեքանիզմները թուլացնելուն»:

Զախարովա նշած է, որ Հայաստանը ամբողջ աշխարհի աչքի առջեւ կը վերածուի «հաւաքական Արեւմուտքի ծայրայեղ վտանգաւոր ծրագիրներու իրականացման գործիքի»:

«Մեծ հարց է, թէ ինչո՛ւ Երեւանը կը ձեւացնէ, թէ չի հասկնար ինչի մասին է խօսքը: Չէ որ Հայաստանին ամբողջ աշխարհի աչքի առջեւ կը վերածեն հաւաքական Արեւմուտքի ծայրայեղ վտանգաւոր ծրագիրներու իրականացման գործիքի, որ ամբողջովին կը տարբերի հայ ժողովուրդի արմատական շահերէն», գրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նշենք, որ 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի հանդիպումը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել եռակողմ համագործակցութեան ուղիները եւ Հայաստանի դիմակայունութեան ամրապնդումը:

Պաքու հանդիպումը որակած է «կողմնակալ, երկակի չափանիշներու վրայ հիմնուած»:

Նախորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոս Յարեա՛ւ Ի Մեռելոց

Յաջորդը

Հայաստանը Շուրջ 30 Թոն Մարդասիրական Բեռ Ուղարկեց Կազայի Բնակիչներուն

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.