Կազմակերպութեամբ «Մակի Թիուն Փրոտաքշըն»-ի Ս. Զատկուան տօնին առիթով շաբաթ, 7 եւ երկուշաբթի, 9 ապրիլին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակի` «Բարեկենդանէն Զատիկ» թատերախառն երգահանդէսով: Արդարեւ, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Մակի մեկնաբանեց մանկական երգերու փունջ մը` ընկերակցութեամբ մանուկներու պարախումբին, նաեւ կովուկին, խամաճիկին եւ այլն: Երգացանկը կը բովանդակէր հայերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով երգեր, ինչպէս` «Մուկերը», «Փիսիկս», «Դպրոցի ճամբան», «Մամայիս», «Ժամացոյց», «Շաթեր», Շախպաթ Շախապիթ», «Էյ. Պի. Սի. Տի.», «Թիթեռնիկներ», «Զատիկ» եւ այլն: Այս երգերը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին երգահանդէսին ներկայ գտնուող մանուկներուն մօտ, որոնք ընկերացան Մակիին երգելով եւ իրենց ծափերով ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ:


