Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ծանօթացան միջազգային եւ շրջանային լուրերու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ արագ լրահոսի դրութեան:
Ուրբաթ, 15 մարտ 2024-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Վահրամ Էմմիեան ներկայացուց միջազգային եւ շրջանային լուրերու պատրաստութեան ձեւն ու թեքնիքները:
«Ապագայ լրագրողներ»-ը ուշի ուշով հետեւեցան բացատրութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր մանրամասնութիւններուն, որոնք տրամադրուեցան օրուան դասախօսին կողմէ:
Վ. Էմմիեան մատնանշեց բոլոր այն կէտերը, որոնք պէտք է նկատի ունենալ նիւթ մը ընտրելու, լուրի կարեւորութեան չափանիշները ճշդելու, ճշգրտութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ կարելի եղած յստակութեամբ զայն ներկայացնելու ընթերցողին:
Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը անդրադառնալու տարբեր լրատուամիջոցներուն եւ անոնց կատարած հաղորդումներուն` տարբերութիւնները յստակացնելով լուրին հաւաստիութեան եւ լուրը քարոզչութեան ծառայեցնելու նրբութիւններուն:
Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ գործնական բաժին, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ»-ը տեղւոյն վրայ հետեւեցան արագ լրահոսի պատրաստութեան ձեւին եւ վկայեցին անոր գործադրութեան:
Իբրեւ չորրորդ սերունդ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին կը մասնակցին Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայկազեան համալսարանի աշակերտներն ու ուսանողները:


