Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Քանդել Հարաւը

March 16, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպրա Լիֆ կը յայտնէ, թէ Լիբանան հսկայ վտանգներու դիմաց կը գտնուի, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ բախումները կը շարունակուին:

Լիֆ նշեց նաեւ, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի գրասենեակին ընդմէջէն ի գործ դրուող դիւանագիտական ջանքերը ընթացքի մէջ են` քննարկելու համար համաձայնութեան մանրամասնութիւնները:

Լիֆ նկատել տուաւ նաեւ, որ Կազայի դէմ բռնարարքներուն կասեցումէն ետք շատ հաւանաբար հարաւային Լիբանանի ճակատը իր կարգին կը խաղաղի` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն խաղաղեցնելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին Այթա Շաապ, Թայր Հարֆա, Համամեսի բարձունքներ, Ուազզանի, Լապպունէ, Ռաս Նաքուրա, Ալմա Շաապ, Քֆարքիլա, Ժըպպայն, Հուլա, Այթարուն եւ Նաքուրա շրջանները:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քարանթինայի բարձունք դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պայատ Պլիտա դիրքը` հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն շարքերուն մէջ արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծած է Ռահեպ դիրքը:

Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար եւ հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ ու Մալիքիէ դիրքերը եւ հոն տեղակայուած իսրայէլացի զինուորներուն դէմ ուղղակի հարուածներ արձանագրեցին:

Հըզպալլայի մարտիկները կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին «Պուրքան» տիպի հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ռատար եւ Պըրքեթ Ռիշա դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Ժամը 4:45-ին Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը` քանդելով հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

 

Նախորդը

Ֆրանսական Նախաձեռնութեան Հարցով Պու Հապիպ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պըրրիի Հետ

Յաջորդը

«Խորէն Ա. Կեդրոն»-ը Բացուած Յայտարարուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ

RelatedPosts

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ  Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

October 14, 2026
Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

October 14, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.