Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ» մրցաշարքի քառորդ աւարտականի վիճակաձգութիւնը, ուր յայտնի եղան 4 մրցումները, ինչպէս նաեւ կիսաւարտականի ճակատումները:
Անցեալ տարուան տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթի պիտի մրցի այս մրցաշարքի մրցանիշ հաստատող ախոյեան (14 անգամ) Ռէալ Մատրիտի դէմ, մինչ Սպանիոյ միւս «հսկայ»-ն` Պարսելոնա պիտի մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ:
Ռէալ Մատրիտ 2022-ի կիսաւարտականին դուրս ձգած էր Մանչեսթըր Սիթին, բայց Քարլօ Անչելոթթիի մարզած խումբը անցեալ տարեշրջանի կիսաւարտականին 5-1 երկու մրցումներու արդիւնքով դուրս մնացած էր Փեփ Կուարտիոլայի խումբին դէմ մրցումին:
«Ուրիշ ճար չունինք: Կարծես աւանդութիւն դարձաւ ասիկա… Մրցիլ այս մրցաշարքի թագաւորին դէմ, որ շահած է 14 տիտղոս: Յուսանք լաւ ձեւով կը հասնինք մրցումին: Տակաւին երեք շաբաթներ կան երթի մրցումին` Մատրիտի մէջ, նայինք», ըսաւ Կուարտիոլա:
Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ կը փորձէ շահիլ իր առաջին «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսը, պիտի մրցի Պարսելոնայի դէմ, մինչ Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի մրցի Պորուսիա Տորթմունտի դէմ, բան մը, որ կրնայ պատճառ դառնալ, որ 3 սպանական խումբեր հասնին կիսաւարտական:
Ասիկա կրնայ ըլլալ Քիլիան Էմպափէի վերջին առիթը` «Չեմփիընզ լիկ» շահելու Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, ակումբը լքելէ առաջ, այս ամառ: Փարիզ Սեն Ժերմեն 2020-ին հասած էր աւարտական եւ պարտութիւն մը կրած Պայերն Միւնիխէն: Արսենալ վերջին 14 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով հասած էր քառորդ աւարտական, պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դէմ, ուր առիթ պիտի ըլլայ Պայերնի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնի (որ 36 կոլ նշանակած է այս եղանակին) ճակատիլ հիւսիսային Լոնտոնի իր նախկին «ոխերիմ թշնամիին» դէմ:
Քէյն 19 անգամ մրցած է Արսենալի դէմ եւ նշանակած 14 կոլ: Թոթենհամի նախկին խմբապետը «Չեմփիընզ լիկ»-ի կոլսքորըրն է, Անթուան Կրիզմանի (Աթլեթիքօ Մատրիտ) Էրլինկ Հաալանտի (Մանչեսթըր Սիթի) եւ Էմպափէի հետ, 6 կոլերով:
6 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Պայերն Միւնիխ միշտ ալ դժուար մրցակից եղած է Արսենալի համար, որ 4 անգամ ալ պարտութիւն կրած է նաք-աութի հանգրուանէն:
Վերջին ճակատումին, 2017-ին, Պայերն 10-2 երկու մրցումերու արդիւնքով դուրս ձգած էր Արսենալը:
Հակառակ այս բոլորին, Պայերն իրեն հետ պիտի չկարենայ ունենալ համակիրները, որովհետեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պատժած էր Պայերնը. վերջինիս համակիրները պայթուցիկներ նետած էին Լացիօ Ռոմայի դէմ մրցումին:
«Մենք անպատճառ ամէնէն դժուար ճամբան ունինք մեր առջեւ` ձեր երեւակայածէն աւելի: Մենք այժմ մեր դէմ ունինք Եւրոպայի ուժեղագոյն խումբերը: Բաւական կայուն ֆութպոլ կը խաղան վերջին 2 տարիներուն: Շատ համերաշխ ֆութպոլ կը խաղան եւ իրար լաւ կը հասկնան, վտանգաւոր խումբ են եւ մեծ թիւով կոլեր կը նշանակեն: Պատրաստ պէտք է ըլլանք: Գիտենք մեր խումբին որակն ալ», ըսաւ Պայերնի մարզիչ Թոմաս Թուխել` Արսենալի մասին:
Կիսաւարտականի ճամբան ալ յստակացաւ, եւ Սիթի կրնայ մրցիլ «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալի հետ` կիսաւարտականէն, եթէ յաղթէ մրցակիցներուն:
Քառորդ աւարտականի վիճակաձգութիւնը վերջին անգամ այս ձեւով եղաւ, որովհետեւ 2024-2025 տարեշրջանէն սկսեալ տարբեր ձեւ պիտի որդեգրուի:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 1 յունիսին, 90 հազար համակիրներու ներկայութեան, Ուեմպլիի դաշտին վրայ, Լոնտոն:
Ստորեւ` քառորդ աւարտականի յայտագիրը.
1.- Արսենալ – Պայերն Միւնիխ
2.- Աթլեթիքօ Մատրիտ – Տորթմունտ
3.- Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի
4.- Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա
ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Թիւ 1 մրցումին յաղթականը ընդդէմ թիւ 3 մրցումին յաղթականը
Թիւ 2 մրցումին յաղթականը ընդդէմ թիւ 4 մրցումին յաղթականը
Առաջին նշուած խումբերը պիտի մրցին երթի մրցումները իրենց դաշտին վրայ:
Քառորդ աւարտականի երթը տեղի կ՛ունենայ 9 եւ 10 ապրիլին, իսկ դարձը` 16 եւ 17 ապրիլին:
Կիսաւարտականի երթը տեղի կ՛ունենայ 30 ապրիլին եւ 1 մայիսին, իսկ դարձը` 7 եւ 8 մայիսին:
Աւարտական մրցումը տեղի կ՛ունենայ 1 յունիսին, Ուեմպլիի դաշտին վրայ:


